2013-10-03 11:59:37

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին Կառավարիչի Այցը Գերմանիայ։


Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովը, չորեքշաբթի 2 հոկտեմբերի հրատարակած հաղորադգրութեամբ կը յայտնէ թէ Կարտինալ Լէնոարտօ Սանտրին` վերոյիշեալ Ժողովի Կառաւարիչը, 3 – 6 հոկտեմբեր պիտի այցելէ Գերմանիան, ''Միսիոնարական ամսուայ'' ծիրէն ներս կազմկերպուած ''Missio'' արշաւի բացման հանդիսութեան առթիւ որ տեղի կ՛ունենայ, Գոլոնիայի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, յառաջիկայ 6 հոկտեբերին հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ղպտիներու Կաթողիկէ Պատրիարք՝ Իպրահիմ Սիտրակ եւ Գոլոնիա թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Իոաքիմ Մէյզնէր։

Գերմանիա կեցութեան ընթացքին Կարտինալ Սանտրի այցելութիւններ եւ հանդիպումներ կ՛ունենայ ROACO - յի - այսինքն Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութիւն - կոչուած հաստատութեան անդամներուն հետ։ Իր այս հանդիպումներով Կարտինալ Սանտրին կ՛ուզէ իր երախտագիտութիւնն ու քաջալերանքը յայտնել բոլոր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, անոնց ցուցաբերած եղբայարսիրկան օժանդակութեան Արեւեքի Եկեղցիներուն ի սպաս, յատկապէս Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ ու նաեւ Երուսաղէմի Եկեղեցիներուն։

Մինչ Ղպտի Կաթողիկէ Պատրիարքին ներկայութիւնը առիթ պիտի տայ մօտէն ճանչնալու Եգիպտոսի իրավիճակը, որ վերջին ամիսներուն դարձած քաղաքացիական փախումներու վայր եւ ուր քրիստոնեաները կը կրեն հալածանքներ եւ եկեղեցիներու դէմ կը գործադրուին արարքներ ։

Շաբաթ 5 հոկտեմերի յետմիջօրէին, Կարտինալ Սանտրի, Էսսէն Քաղաքին մէջ, պիտի հանդիպի Գաղտէացի հասարակութեան եւ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Վերոյիշեալ Գաղտէացի գաղութը կազմուած է Իրաքի պատերազմի հետեւանքով, Իրաքէն գաղթած ընտանիքներէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.