2013-10-02 09:55:45

Մոսկուա. «Սուրիոյ Մէջ Պատերազմը Այլեւս Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Միջեւ Չէ»


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ քիմիական զէնքի գործածութեան հարցով միջազգային հետաքննիչները Սուրիա կատարած իրենց երկրորդ այցելութեան ընթացքին քիմիական զէնքի ենթադրեալ գործածութեան բոլոր վայրերը, ներառեալ` Հալէպի մօտ գտնուող Խան Ասալ գիւղը չայցելեցին: «Խումբը չայցելեց Հալէպի արուարձաններ, ուր, ըստ մեր համոզումներուն, որովհետեւ ռուս մասնագէտները այդտեղ հետաքննութիւն կատարեցին, 19 մարտին քիմիական զէնքի գործածութեան դէպք արձանագրուեցաւ», նշեց ան` աւելցնելով, որ «Մոսկուա աշխատանք պիտի տանի Հալէպի մօտ քիմիական զէնքի գործածութեան պատասխանատուները ճշդելու»:
Լաւրով նախատեսեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը տեղի ունենայ նոյեմբերին` նշելով, որ «յստակ չէ, եթէ Արեւմուտքը պիտի կարենայ սուրիական ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2»-ին ներկայ գտնուելու համոզել»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ռուս մասնագէտներ պիտի մասնակցին սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման աշխատանքին:
Ռուսիոյ նախագահութեան դիւանապետ Սերկէյ Իվանով յայտնեց, որ «կարելի է սուրիական ողջմիտ ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2»-ին հրաւիրել եւ երկխօսութեան սկսիլ»:
Ան նշեց, որ Արեւմուտքը սկսաւ գիտակցիլ, որ պէտք է ընդդիմութեան որակաւորում մը կատարել եւ Քայիտան ու այլ ծայրայեղական խմբակները «Ժընեւ-2»-ի մասին խօսելով համոզելը դադրեցնել, ինչպէս նաեւ զանոնք չզինել:
«Եթէ Արեւմուտքը այսպէս կոչուած սուրիացիներէ կազմուած Սուրիական ժողովրդային բանակը զինէ, ապա չկայ որեւէ պատճառ, որ չմտածենք, թէ Քայիտան պարզապէս անոնց զէնքերը պիտի գրաւէ»:
«Սուրիոյ պատերազմը այլեւս կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ չէ», ըսաւ ան` նշելով, որ «ընդդիմութիւնը կազմուած է իրարմէ անկախ հինգ խմբաւորումներէ, որոնք զիրար կ՛ատեն, իսկ Սուրիոյ մէջ բոլորը իրարու դէմ կը կռուին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.