2013-10-02 10:03:46

Ամերիկեան Կառավարութեան Գործունէութիւնը Մասնակի Կերպով Կը Դադրի


Քոնկրեսի երկու տուներուն միջեւ պետական պիւտճէին շուրջ համաձայնութեան գոյացման ձախողութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը մասնակի կերպով դադրեցուց իր գործունէութիւնը:
Հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ գտնուող Ներկայացուցիչներու տունը պիւտճէի որդեգրումը պայմանաւորեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած առողջապահութեան մարզի բարեփոխման յետաձգումով:
Աւելի քան 800 հազար դաշնակցային պաշտօնեաներ անվճար արձակուրդի վտանգը կը դիմագրաւեն եւ նոյնիսկ այդ ամսականները հետագային գանձելու որեւէ երաշխիք չունին: Պաշտպանութեան նախարարութենէն 400 հազար պաշտօնեաներ, առեւտուրի բաժանմունքէն 30 հազար, ուժանիւթի նախարարութենէն 12,700 եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութենէն 18,481 պաշտօնեաներ պարտադիր արձակուրդի մեկնեցան:
Փակուեցան պետական հանրապարտէզներ, ներառեալ` Նիւ Եորքի Ազատութեան յուշարձանը: Փակուող հաստատութեանց շարքին են նաեւ 19 թանգարաններ եւ կենդանաբանական պարտէզներ: Հանգստեան թոշակներու եւ վեթերաններու նիւթական նպաստները պիտի ուշացուին: Մուտքի արտօնագիրներու եւ անցագիրներու դիմումնագիրներուն վրայ աշխատանքը կը դադրեցուի:
Սպիտակ տան պիւտճէի գրասենեակը դաշնակցային գործակալութեանց թելադրեց «առանց իրարանցումի» աշխատանքի դադրեցման դիմելու:
Փորձագէտներ կը նախատեսեն, որ երկրին տնտեսութիւնը կրնայ լուրջ վնասներ կրել, եթէ կացութիւնը քանի մը օրէն աւելի տեւէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.