2013-10-01 10:31:16

Պէյրութէն Մեկնումի Պահուն Կոչ Ուղղելով Լիբանանցիներու Միասնականութեան`. «Շրջանի Ճակատագիրը Կախեալ Է Լիբանանի Ճակատագիրէն» Ընդգծեց Ռուֆայիլ Սաքօ Պատրիարքը


Աշխարհի քաղդէացիներու Բաբելոնի Լուիս Ռուֆայիլ Սաքօ պատրիարքը երէկ դէպի Հռոմ իր մեկնումի պահուն, Պէյրութի օդակայանին մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` միանալու եւ անտեսելու նեղմիտ ու անցողակի տարակարծութիւնները: «Ձեր հայեացքը սեւեռեցէք ապագային ուղղութեամբ, որովհետեւ շրջանի ճակատագիրը կախեալ է իր քրիստոնեայ եւ իսլամ զաւակներով միակամ Լիբանանի ճակատագիրէն», ընդգծեց Սաքօ պատրիարքը: Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն ուղղելով իր խօսքը` ան կոչ ուղղեց միութեամբ ու համերաշխութեամբ տոգորուելու եւ մէկդի ձգելու նեղմտութիւնը, որովհետեւ «մեզ միացնող հասարակաց կէտերը աւելի են, քան տարակարծութիւնները»:
Ան մաղթեց, որ շրջանի իսլամական մեծ ընտանիքը լաւագոյնս գնահատէ քրիստոնեաներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը` միաժամանակ շեշտելով քրիստոնէական շարքերու միասնութիւնը, որպէսզի կարենայ «խօսակցիլ» իսլամական կողմին հետ ու կատարել իր պատմական դերակատարութիւնը: «Կը գիտակցինք աշխարհի տարածքին քրիստոնեաներու կրած տառապանքին, եւ առ այդ Լիբանան պիտի մնայ Արեւելքի քրիստոնեաներու փարոսը», շեշտեց քաղդէացիներու պատրիարքը:
Նշենք, որ Սաքօ պատրիարքը, մասնակցելէ ետք Լիբանանի կաթողիկէ հոգեւոր պետերու համաժողովին, երէկ ուղղուեցաւ Հռոմ` տեսակցելու համար Ֆրանչիսկոս պապին հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.