2013-10-01 14:00:29

Շնորհաւորագիր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան


Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար
Տիկին Հրանուշ Յակոբեան
Ազնուափայլ Տիկին Յակոբեան,
Այսօր, Հոկտեմբերի Մէկը յիշարժան օր է սփիւռքահայ բոլոր կառոյցներուն համար։ Յիշարժան՝ շնորհիւ 1 Հոկտեմբեր 2008-ին ստեղծուած Սփիւռքի նախարարութեան եւ մանաւանդ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին անոր մշակած եւ իրագործած ծրագիրներուն եւ տարած հսկայական աշխատանքին ի խնդիր Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան ամրապնդումին, հայապահպանութեան եւ Սփիւռքի ներուժի յայտնաբերման ու համախմբումին։ Ծրագիրներ ու աշխատանքներ՝ որոնց յաջողութեամբ պսակումին մէջ անուրանալի է անձնապէս Ձեր նուիրեալ, իմաստուն, շրջահայեաց ու անխոնջ աշխատանքը։
Ձեր գլխաւորած գերատեսչութեան հնգամեակին առիթով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Ձեր գլխաւորած աշխատակազմը, Ձեզի մաղթելով քաջառողջութիւն, յարատեւութիւն եւ ամենայն բարիք։
Վարձքերնիդ կատար։
ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ՎՐԴ. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Տնօրէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Նարեկացի Կեդրոնին







All the contents on this site are copyrighted ©.