2013-10-01 10:36:27

''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' Շրջաբերական Թուղթի 50-րդ Յոբելեանի Ձեռնարկները։


2 - 4 հոկտեմբեր 2013, Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենան, ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի հրատարակութեան 50-րդ յոբելեանի առթիւ ձեռնարկները որ ունին որպէս բանաբան ''Քաղաքական ասպարէզի մէջ յանձնառու` կաթողիկէ նոր սերունդի կազմաւորումը'' եւ որուն բացումը կը կատարէ, չորեքշաբթի 2 հոկտեմբերի առաւօտեան, Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի Նախագահը Կարտինալ Բիդէր Թուրքսոն։
Ձեռնարկներու ծիրէն ներս չորեքշաբթի 2 հոկտեմբերին նախատեսուած են զանազան նիստեր որոնց ընթացքին կը շօշափուին, ի մէջ այլոց, հտեւեալ նիւթերը ''Եկեղեցւոյ իրավիճակը այսօրուայ աշխարհին մէջ եւ Քահանայապետական ու Կաթողիկէ համալսարաններու յանձանռումը'' ։ ''Ընկերային քաղաքականութիւնն ու արդարութիւնը, նոր հեռանկարներ եւ իրագործումի նոր միջոցներ''։ ''Հասարակաց բարիքը ու զայն հետապնդելու նոր պայմաններ'' եւ ի վերջոյ ''Քաղաքականութեան ասպարեզին մէջ յանձնառու Կաթողիկէ նոր սերունդը եւ քահանայապետական ու կաթողիկէ համալսարաններու դերը''։
Հինգշաբթի 3 հոկտեմբերի նիստերու ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենան Վատիկանի ''Սիւնհոդոսական'' սրահին մէջ, հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի ''Խաղաղութիւն երկրի վրայ'' շրջաբերական թուղթի 50 ամեակը, շեշտը դնելով անոր այժմէականութեան վրայ։ Այս առթիւ նախատեսուած է միջազգային համբաւ ունեցող բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ ակատեմական աշխարհի մասնագէտներ։ Ուրբաթ օրուայ նիստերու ընթացքին նախատեսուած են ''կլոր սեղաններ'' եւ ներկայ ժամանակաշրջանի տագնապներու շուրջ զեկոյցներ որոնք ի մէջ այլոց կ՛անդրադառնան ''արդի տնտեսական տագնապի, դաստիարակութեան մարտահաւէրի եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու խաղաղութեան ի սպաս դերի'' մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.