2013-10-01 11:07:41

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 2014-ի Համաշխարհային Օրուան Պատգամը Նուիրուած` ''Հանդիպումի'' Մշակոյթին։


Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը, 30 սեպտեմբերին հրատարակած յաղորդագրութեամբ, կը տեղեկացնէ թէ ''Ընկերային Հաղորդակցութեան Համաշխարհային 48րդ օրուայ'' պատգամի նիւթն է ''հաղորդակցութիւնը ի սպաս հանդիպումի հարազատ մշակոյթին'' ։
Պատգամը պիտի հրատարակուի յառաջիկայ 24 յունուար 2014-ին լրագրողներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ ֆրանչէսկոս Սալէսի (1567-1622) տօնին օրը։
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը կը մատնանշէ թէ հաղորդակցութիւնը կը հիմնուի ''ուրիշի ճշմարտութիւններուն հետ յարգելի երկխօսութիւն հատատելու կարողութեան'' վրայ։ Պատգամը ամէն մէկէն կը խնդրէ ըլլալ ''ինքնուրոյն'' վկայելով ''իր ապրած մշակոյթը, իր քրիստոնեայ ինքնութիւնն ու այն արժէքները որոնց կը հաւատայ''։
Յայտնենք որ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրը միակ համաշխարհային օրն է հաստատուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի Կողմէ 1963-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.