2013-09-30 10:56:27

Յովհաննէս ԻԳ-ի Եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Սրբադասման Արարողութիւնը 27 Ապրիլ 2014-ին։


Երկուշաբթի 30 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաքելական Պալատի Գոնչիսդորօ Սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Կարտինալական հրապարակային խորհրդաժողով մը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ որուն ընթացքին քննարկուեցան Երանելի Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումի դատերը եւ որպէս ''Սրբադասման Օր'' որոշուեցաւ 2014-ի 27 ապրիլը` Զատկուայ Բ Կիրակին, որ նուիրուած է Աստուածային Ողորմութեան։

Յայտնենք թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասման դատը սկիզբ առած էր, բացառօրէն, անոր մահուան թուականէն, ապրիլ 2005-ին, շատ քիչ ժամանակ ետք, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կամքով, եւ 2011-ի մայիս մէկին, երջանկայիշատակ Քահանայապետի մահուընէ 6 տարիներ ետք, Վատիկանի մէջ մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ անոր երանացման արարողութիւնը, միլիոնաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մինչ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը իր մահկանացուն կնքեց 1963-ի յունիսին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի բացումէն մէկ տարի ետք ու 1965-ին Պօղոս Զ քահանայապետը արտօնեց անոր երանցման դատը սկսիլ։







All the contents on this site are copyrighted ©.