2013-09-30 13:57:06

Յառաջիկայ 22 Նոյեմբերն Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքները Հանդիպում Կ՛ունենան Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ։


Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները կը պատրաստուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ իրենց հանդիպումին, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 22-ին, արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի լիագումար նիստի աւարտին։
Հաւանական է որ հանդիպումը ունենայ խորհրդակցական ժողովի բնոյթ, որուն ընթացքին Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները Սրբազան Քահանայապետի հետ միասին քննարկեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագրին վերաբերեալ խնդիրներ՝ շրջանը փոթորկող հակամարտութիւններու եւ յատկապէս սուրիական ողբերգութեան լոյսին տակ։

Սրբազան Քահանայապետին հետ իրենց գումարելիք այս ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու շրջագիծէն ներս , Ուրբաթ, 27 սեպտեբեր 2013-ին, Արեւելքի կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը ժողով մը գումարեց Մարոնիթներու Պքերքէի պատրիարքարանին մէջ, Մարոնիթներու կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռաիի հրաւէրով։ Վերոյիշեալ ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։ Ժողովին մասնակիցները փոխանակեցին իրենց մտահոգութիւններն ու խորհրդածութիւնները Միջին Արեւելքի ծանրակշիռ իրավիճակի մասին, որ կը վտանգէ, շրջանէն ներս, քրիստոնեայ աւանդական համայնքներուն գոյութիւնը։ Այս առթիւ կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ, Ռաի պատրիարքը ըսաւ որ արաբական գարունը դժբախտաբար վերածուեցաւ ձմրան, հուրի եւ արեան, ջարդերու եւ աւերումներու, մինչ շրջանի ժողովուրդները կ՚ակնկալէին նոր կեանքի մը ծնունդը եւ բարեկարգումներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.