2013-09-30 10:22:51

Հայաստանի Բնակչութեան 13 Տոկոսը Աղքատութեան Նպաստ Կը Ստանայ:


Պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, այս տարուան 1 Յուլիսի դրութեամբ աղքատութեան նպաստ կը ստանայ աւելի քան 103 հազար ընտանիք կամ 393 հազար հոգի: Այս թիւը հանրապետութեան բնակիչներուն 13 տոկոսն է:
Աղքատութեան նպաստ ստացողներուն մեծամասնութիւնը (68.7 հազար ընտանիք) ընտանիքին մէջ ունի 5-18 տարեկան անչափահաս երեխաներ: Երկրորդ խումբը՝ մօտ 32.4 հազար ընտանիք, տնային տնտեսութիւններ են, որոնք ընտանիքին մէջ մինչեւ 5 տարեկան երեխաներ ունին: Նշենք, որ նոյն ընտանիքը կրնայ մաս կազմել տարբեր խումբերու։
Երրորդ խումբին մէջ՝ մօտ 15.7 հազար ընտանիք, կան կենսաթոշակառուները: Կայ նաեւ 15.7 հազար ընտանիքէ բաղկացած այլ խումբ մը՝ 2րդ կարգի հաշմանդամներէ բաղկացած:
Գաղտնիք չէ, որ, ի շարս այլոց, աղքատութեամբ բնորոշուող խումբերուն մէջ կան նաեւ միայնակ կենսաթոշակառուները: Հայաստանի մէջ, ուր ընտանեկան աւանդութիւնները կը պահպանուին, կենսաթոշակառուները ընդհանրապէս կը բնակին իրենց հարազատներուն հետ: Սակայն կան շատ միայնակ թոշակառուներ, որոնք կ՛ապրին միայն կենսաթոշակով, որ խորհրդանշական բնոյթ ունի:
Պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն, միայնակ կենսաթոշակառուները, որոնք աղքատութեան նպաստ կը ստանան, մօտ 11.8 հազար կը հաշուեն:
Իրողութիւն է, որ, հակառակ պաշտօնական տուեալներուն, Հայաստանի մէջ աղքատութեան նպաստ ստացողներուն թիւը շատ աւելի քիչ է, քան աղքատութեան ընդհանուր մակարդակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.