2013-09-30 11:47:52

Հալէպ. Հրասանդի Հրթիռները Կը Շարունակեն Իյնալ Հայաշատ Թաղամասերուն Մէջ


Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ հրասանդի հրթիռները տակաւին կ՛իյնան նաեւ հայաշատ խաղաղ թաղամասերուն մէջ` առանց վիրաւորներ արձանագրելու:
Հալէպի մէջ հեռաձայնի քաղաքային եւ բջիջային կապերը վերականգնուած են, սակայն միջազգային կապերը եւ համացանցը կը մնան անջատուած: Հակառակ կենցաղային դժուար պայմաններուն, դպրոցական, ներազգային եւ միութենական կեանքը կը շարունակուի:
«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Դամասկոսի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ ապահովական զարգացում չէ արձանագրուած: Արուարձաններէն կը լսուին թնդանօթի ձայներ. բանակի միաւորներ կը շարունակեն հալածել Լիուա Ֆաթհ անունով ճանչցուած զինեալ խմբաւորումները Քապունի, Պարզէի եւ այլ շրջաններուն մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.