2013-09-30 11:58:55

Իտալացի ''Սանդ Էճիտիոյ'' Հասարակութեան Խաղաղութեան Նուիրուած Միջազգային Հանդիպումը։


29 սեպտեմբերէն մինչեւ 1 հոկտեմբեր Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Յոյսի Քաջութիւն'' վերտառութեամբ ''Սանդ Էճիտիոյի'' հասրակութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ''Խաղաղութեան Տարեկան Միջազգային միջեկեղեցական խորհրդաժողովը'' որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 300 Եկեղեցական, մշակութային եւ քաղաքական աշխարհէն անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին Եգիպտոսի Իսլամ աշխարհի Կրօնապետ` Շաուքի Իպրահիմ Ապտէլ Գարիմ Ալլամ եւ ''American Jewish Committee''-ի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու տնօրէն` Տավիտ Րոզէն Րաբունապետը։
Նիստերը պիտի կեդրոնանան Սուրիոյ հակամարտութիւններու եւ Միջին Արեւելքի տագնապալից իրավիճակի վրայ։ Այս առթիւ կազմակերպուած աւելի քան 30 ձեռնարկներու ընդմջէն ժողովականները պիտի զրուցեն ''ընկերային արդարութեան, իսլամ -քրիստոնեայ երկխօսութեան, կինեու դէմ բռնութիւններու եւ հաղորդամիջոցներու խաղաղութեան ի սպաս դերը'' նիւթերու շուրջ։
Խաղաղութեան Միջազգային 27րդ Հանդիպումին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 29 սեպտեմբերին Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ, Հռոմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինիի նախագահած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, որուն մասնակցեցան Օրթոտոքս եւ Բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Հադիպումը ապա շարունակուեցաւ յետմիջօրէին, Իտալիոյ Վարչապետ` Էնրիքօ Լէդդայի Եւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր` Անտրէա Րիքքարտիի ելոյթներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.