2013-09-30 11:47:41

Ասատ Կը Խոստանայ Քիմիական Զէնքերու Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Համաձայնագիրները Յարգել


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իտալական «Ռայ նիուզ 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խոստացաւ քիմիական զէնքերու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի համաձայնագիրները յարգել` նշելով, որ «մենք քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնագիրին միացանք Ապահովութեան խորհուրդի որոշումին հրապարակումէն առաջ, եւ մեր քայլը ռուսական նախաձեռնութեան մէկ մասն էր եւ իբրեւ այդպիսին` մեր կամքի արտայայտութիւնը: Ուստի հարցը որոշումին առնչուած չէ, այլ մեր կամքին»:
«Մենք այդ մէկը կատարելու կամքը ունինք, որովհետեւ 2003-ին ամբողջ Միջին Արեւելքը քիմիական զէնքերէ ձերբազատելու առաջարկ մը ներկայացուցինք Ապահովութեան խորհուրդին: Անշուշտ յանձնառու պիտի մնանք այդ հարցին, որովհետեւ մեր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեր ստորագրած բոլոր համաձայնագիրներուն յանձնառու կը մնանք», նշեց Սուրիոյ նախագահը:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ուրբաթ կէս գիշերէն ետք միաձայնութեամբ որդեգրած էր սուրիական քիմիական զէնքերու վնասազերծման վերաբերող որոշում մը, որուն որդեգրումը դիւանագիտական մեծ բեկում մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապին սկիզբէն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ այդ հարցին գծով որդեգրուած առաջին որոշումն է:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ միջազգային ընտանիքը «իր պարտականութիւնը կատարեց»` աւելցնելով, որ «ասիկա երկար ատենէ ի վեր Սուրիոյ մէջ յոյսի առաջին նշոյլն է»: Ան նաեւ հաստատեց, որ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերի կէսերուն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա որոշումին որդեգրումը «միջազգային ընտանիքին համար մեծ յաղթանակ մը» նկատեց:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի սուրիական վարչակարգը զգուշացուց Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2118 բանաձեւը չյարգելու «հետեւանքներէն»:
Բանաձեւը սուրիական վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներ կը նախատեսէ, եթէ իր քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու հարցով իր խոստումներէն ետդարձ կատարէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը «վերջապէս իր անունին արժանի է»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին շաբաթ օր նշեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու հարցին շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը ուժի գործածութեան դիմելը չ՛արտօներ, սակայն Ապահովութեան խորհուրդը պատրաստ է պատժական տնօրինումներ որդեգրելու, եթէ Սուրիոյ վերաբերող որոշումի խախտում մը կատարուի:







All the contents on this site are copyrighted ©.