2013-09-30 12:45:29

Աղեքսանդրիոյ Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքութիւնը


Աղեքսանդրիոյ Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքութիւնը Կ. Պոլսոյ, Երուսաղէմի եւ Անտիոքի պատրիարքներուն միջեւ ամենէն հինը կը հանդիսանայ։Աղեքսանդրիոյ պատրիարքութիւնը հիմնուած է Ա. Դարուն, Սուրբ Մարկոս Աւտարանիչի Եգիպտոսի մէջ քարոզութեան շրջանին։
Աղեքսանդրիոյ Քրիստոնեայ եկեղեցին այսօր` բաժնուած է երեք դաւանանքներու ։

- Ղպտի Օրթոտոքս եկեղեցին, որ ի յայտ եկած է Ե դարուն Քաղկեդոնի ժողովէն ետք` 451 թուականին։

- Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցին որ կազմուած է Յոյն հաւատացեալներու փոքր հասարակութենէ եւ շարք մը եպիսկոպսներէ որոնք հաւատարիմ մնացին Քաղկէդոնի ժողովին։

- Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցին որ Ղպտի Օրթոտոքս եկեղեցիէն բաժնուեցաւ 18-րդ դարուն եւ միացաւ Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթին կրեց զանազան հալածանքներ։ 619 թուականին Պարսիկներու Եգիպտոսի գրաւումէն ետք, Յոյն օրթոտոքս եկեղեցին հալածանքնեու ենթարկուեցաւ, Բիւզանդական Կայսրութեան բարեկամ համարուելուն։ Նոյն դժուարութիւններն ու չարչարանքները կրկնուեցան 683 թուկանաին երբ այս անգամ Արաբները տիրապետեցին շրջանը։ 1517 Թուականին Թուրքերու տիրապետութեան ընթացքին, Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարքը հաստատուեցաւ Կոստանդնուպոլիս,ապա 1800 թուկաններուն վերջնականապէս հաստատուեցաւ Աղեքսանդրիայ եւ խաղաղ շրջանի մը ընթացքին ծաղկեցաւ ու կազմակերպուեցաւ։
Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարքութիւնը իրաւասութիւն ունի եգիպտոսի եւ բոլոր Ափրիկէի եկեղեցիներու վրայ։ Անոր Պատրիարքին Պաշտօնական տիտղոսն է ''Աղեքսանդրիոյ Պապ եւ Պատրիարք''։

Աղեքսանդրիոյ Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարքն է` Թէոտորոս Բ.ը`։ Ան ծնած է 25 նոյեմբեր 1954 թուականին, Գրէթա կղզին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1975 թուականին։ 1990 - 1997 եղած է Լիպիոյ ''Չիրէնէ'' թէմին առաջնորդ ու 1986էն եղած է նաեւ Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Բարդէնէոս Գ.-ի ներկայացուցիչը Աթէնքի մէջ։ Ապա 1997 – 2004 ին նշանակուած է Պատրիարքական Փոխանորդ` Պետրոս Է Պատրիարքին օրով։ Ծառայած է նաեւ Քամերուն եւ Զիմպապուէ քաղաղքներուն որպէս Մետրոպոլիտ ուր առաքեալական մեծ գործունէութիւն տարած է։ 9 հոկտեմբեր 2004 ին ընտրուած է Պատրիարք` Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ յաջորդելով Պետրոս Է Պատրիարքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.