2013-09-29 11:45:27

''Կրօնուսոյցը Ձգտելու Է Արդարութեան, Ողորմութեան, Հաւատքի, Սիրոյ, Համբերատարութեան Եւ Հեզութեան'' Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի Վրայ Նախագահած Սուրբ Պատարագի Ընթացքին Արտասանած Իր Քարոզին Մէջ։


Կիրակի 29 սեպտեմբետի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի 50 երկիրներէ Հռոմ ժամանած աւելի քան 1600 կրօսնուսոյցներ որոնք Հռոմի մէջ մասնակցեցան` Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ, Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած` Կրօնուսոյցներու միջազգային Բ Գիտաժողովին։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն, քաղուած` Ամոս մարգարէի 6 գլուխէն. ''վայ անոնց որ կ՛արհամարեն Սիոնը եւ յոյս դրած են Սամարիայի լերան վրայ....որ կը ննջեն փղոսկրեայ անկողիններու վրայ''. կը խմեն, կ՛ըմպեն եւ կ՛երգեն եւ կ՛անտեսեն ուրիշներու հարցերը։
Խիստ խօսքեր են ասոնք ըսաւ Սրբազան Հայրը, որ մեզի կը բացայայտեն հանգստաւէտ կեանքի վտանգները։ Եթէ ինչքերը, դրամը, աշխարհիկութիւնը դառնան մեր կեանքի կեդրոն ու մեզ հրապուրեն, կը կորսնցնենք մարդկային մեր ինքնութիւնը։ Աւետարանի մէջ հարուստը անանուն է, պարզապէս հարուստ մըն է։ Անոր դիմագիծը իր ունեցածն է։ Երբ մենք կը կորսնցնենք Աստուծոյ ''յիշողութիւնը'', մեր կեանքը, աշխարհը, միւսերը, իրենց իմաստն ու արժէքը կը կորսնցնեն եւ ամէն բան միայն մէկ չափանիշի կը վերածուի`Ունենալ։
Ձեզի նայելով - ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով ներկաներուն - հարց կու տամ. Ո՞վ է Կրօնուսոյցը'' ու պատասխանեց. Կրօնուսոյցը ան է որ իքնիր մէջ կը պահպանէ Աստուծոյ ''յիշողութիւնը'' եւ զայն կը փոխանցէ ուրիշներուն։ Սուրբ Կոյսի նման որ Աստուծոյ հրաշալի ներգործութեան դիմաց չի մտածեց ոչ պատիւներուն եւ ոչ հարստութեան այլ՝ գնաց իր ազգական Եղիսաբեթին մօտ` անոր օգնելու։
Կրօնուսոյցը քրիտոնեայ մըն է որ Աստուծոյ ''յիշողութիւնը'' կը դնէ աւետարանութեան ծառայութեան, ոչ թէ ինքնիր մասին խօսելու այլ խօսելու Աստուծոյ` Անոր սիրոյ եւ հաւատարմութեան մասին։
Կրօնուսոյցը քրիստոնեայ մըն է որ իր մէջ կը կրէ Աստուծոյ յիշողութիւնը եւ գիտէ զայն վերազարթնել ուրիշներու սրտին մէջ։
Կրօնուսոյցը ձգտելու է արդարութեան, ողորմութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերատարութեան եւ հեզութեան։ Կրօնուսոյցը Աստուծոյ յիշողութեան մարդը կը դառնայ ` երբ յարատեւ յարաբերութեան մէջ է Անոր հետ եւ իր մերձաւորին հետ։ Եթէ ան հաւատքի մարդ է որ Աստուծոյ կը վստահի եւ Անոր կ՛ապաւինի։ Եթէ ողորմութեան ու սիրոյ մարդ է եւ բոլորը կը տեսնէ որպէս եղբայրակիցներ։ Եթէ համբերող եւ հաստատակամ է որ գիտէ պարզութեամբ դիմագրաւել դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները, Տիրոջ յուսալով։ Եթէ խոնարհ է եւ ունակ` հասկացողութեան եւ ողորմածութեան։

Աղօթենք Տիրոջ - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակելով- որպէսզի բոլորս դառնանք այրեր ու կիներ որ Աստուծոյ յիշողութիւնը կը պահպանեն իրենց կեանքէն ներս եւ զայն կը վերազարթնեն ուրիշներու սրտերուն մէջ։ Ամէն։












All the contents on this site are copyrighted ©.