2013-09-29 11:57:35

''Անգամ Մը Եւս Աղօթենք Միջին Արեւելքի Եւ Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար'' Ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Կիրակնօրեայ ''Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան'' Աղօթքէն Առաջ


Կիրակի 29 սեպտմբերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած Սուրբ պատարագի աւարտին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի 50 երկիրներէ 4 միլիոն կրօնուսոյցներու 1600 ներկայացուցիչներ, Ֆրանչիսկոս Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները եւ սրտափուխ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Եուհաննա Եազիժի Ժ.` Անտիոքի ու համայն արեւելքի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքին որ անցեալ ուրբաթ հանդիպում ունեցած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ եւ որ ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կրօնուսուսյցներու միջազգային գիտաժողովի առթիւ մատուցուած սուրբ պատարագին։
Անոր ներկայութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - մեզ կը հրաւիրէ անգամ մը եւս աղօթէլու միջին արեւելքին եւ յատկապէս Սուրիոյ խաղաղութեան համար։
Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ասիզիէն, ձիարշաւութեամբ Հռոմ ժամանած ուխտաւորնեուն եւ ուր, յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն մը պիտի կատարէ։
Ան ապա ողջունեց հրապարակի վրայ ներկայ գտնուող զանազան խումբերը, վերոյիշեց Խրուաթիոյ մէջ Երանելի հռչակուած Հայր Միրոսլավ Պուլէզիչը որ նահատակուած է 1947-ին եւ ապա հաւատացեալները հրաւիրեց դիմելու Տիրամօր ''Հրեշտակ Տեառն''ը աղօթելով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.