2013-09-28 12:59:17

Փաքիստանի Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը 356ի Կը Հասնի


ՔԱՐԱՉԻ, «Ռոյթըրզ».- Տեղական իշխանութիւնները Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին հաղորդեցին, թէ արեւմտեան Փաքիստանը հարուածած 7.7 ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը 356ի բարձրացած է, իսկ 500է աւելի ուրիշներ վիրաւորուած են:
Երկրաշարժէն ետք, երկրի հարաւային ափերուն մօտ փոքր նոր կղզի մը ի յայտ եկած է: Փաքիստանի Երկրաշարժներու հետազօտման ազգային կեդրոնէն Զահետ Ռաֆի նշեց, որ այդ կղզիին ի յայտ գալը զարմանալի չէ՝ նկատի ունենալով Փաքիստանը հարուածած երկրաշարժին ուժգնութիւնը, սակայն Երկրաբանութեան հետազօտման ամերիկեան կեդրոնէն Ճան Պլինի կասկած յայտնեց այն բանին համար, որ նման երկրաշարժ մը նշուած չափով կղզի մը կարենայ յառաջացնել:
Փաքիստանի երկրաշարժէն մէկ օր ետք՝ Սեպտեմբեր 25ին, 7.0 ուժգնութեամբ այլ երկրաշարժ մը ցնցեց Փերուի հարաւային շրջանները՝ առանց մարդկային զոհեր խլելու, սակայն կան առնուազն 16 վիրաւորներ, իսկ անյայտ թիւով հանքագործներ բանտարկուած կը մնան փոքր հանքերու մէջ:
Չորեքշաբթի օր Վանի մէջ եւս երկրաշարժ մը տեղի ունեցած է, 4 աստիճան ուժգնութեամբ, առանց յատկանշական վնաս պատճառելու







All the contents on this site are copyrighted ©.