Քահանայապետական արարողապետ` գերապայծառ Կուիտօ Մարինին հաղորդած է թէ յառաջիկայ 30 սեպտեմբերի
առաւօտեան ժամը 10-ին, Առաքելական Պալատի Գոնչիսդորօ Սրահին մէջ, նախատեսուած է Կարտինալական
հրապարակային խորհրդաժողով մը, քննարկելու համար Երանելի Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Երանելի
Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի սրբադասումի դատերը։ Խորհրդաժողովը սկիզբ կ՛առնէ ժամասացութեան
արարողութեամբ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ։ Յայտնենք թէ Յովհաննէս
Պօղոս Բ-ի սրբադասման դատը սկիզբ առած էր, բացառօրէն, անոր մահուան թուականէն, ապրիլ
2005-ին, շատ քիչ ժամանակ ետք, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կամքով, եւ 2011-ի
մայիս մէկին, երջանկայիշատակ Քահանայապետի մահուընէ 6 տրաիներ ետք, Վատիկանի մէջ մեծ
հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ անոր երանացման արարողութիւնը, միլիոնաւոր հաւատացեալներու
ներկայութեամբ։ Մինչ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետը իր մահկանցուն կնքեց 1963-ի յունիսին,
Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի բացումէն մէկ տարի ետք ու 1965-ին Պօղոս Զ քահանայապետը
արտօնեց անոր երանցման դատը սկսիլ։