2013-09-28 10:33:00

Հայր Միրոսլավ Պուլէզիչի Երանացման Արարողութիւնը:


Չաբաթ 28 Սեպտեմբերին, Խրուաթիոյ մէջ տեղի կ՝ունենայ Հայր Միրոսլավ Պուլէզիչի երանացման արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօյին Սուրբերու դատի ժողովի նախագահ։
Հայր Միրոսլավ Պուլէզիչի ծնած է 13 Մայիս 1920 թուականին, Խրուաթիոյ Զապրոնի կոչուած գիւղին մէջ։ Նախակրթական ուսմունքը աւարտելէ ետք մեկնած է Հռոմ եւ հոն աւարտած է իմաստասիրական համալսարանական ուսմունքը։
Հայր Միրոսլավ Պուլէզիչի քահանայ ձեռնադրուած է 11 Ապրիլ 1943 թուականին եւ լուծուեցաւ Խրուաթիոյ զանազան քաղաքներու մէջ ժողովրդապետութիւններէն ներս հովուական առաքելութեան։ Ան նահատակուեցաւ 1974-ի օգոստոս 24-ին, Լանիշէ քաղաքի եկեղեցւոյ մէջ, մինչ դրոշմի խորհուրդը կը մատակարարեր։ Հայր Միրոսլավի մարմինը զետեղուած է Սանվինչէնդի Աւետման եկեղեցւոյ մէջ։
20 դեկտեմբեր 2012 - ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը, Հայր Միրոսլավ Պուլէզիչի նահատակ հռչակեց։







All the contents on this site are copyrighted ©.