2013-09-28 10:12:59

«Այն Միջոցին, Երբ Շրջանի Ժողովուրդները Նոր Կեանք Կը Յուսային, «Արաբական Գարուն»-ը Վերածուեցաւ Ձմրան» Ընդգծեց Ռայի Պատրիարք


Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ վերահաստատեց, որ շրջանի քրիստոնեաները խաղաղօրէն կ՛ապրին իսլամներուն հետ Արեւելքի մէջ` ընդգծելով, որ «Արաբական գարուն»-ը վերածուեցաւ ձմրան ու երկաթեայ կրակի այն միջոցին, երբ շրջանի ժողովուրդները կը յուսային կեանքի նոր էջ բանալ:
Իր կարգին, քաղդէացիներու Սաքօ պատրիարքը ըսաւ. «Մենք պէտք ունինք լոպիի մը, որ մեզ պաշտպանէ թշնամական կեցուածքներէ»: Ան իր զօրակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը յայտնեց Արեւելքի մէջ հոս ու հոն զոհուող քրիստոնեաներուն համար:
ՆՇԵՆՔ, որ Ռայի պատրիարք այս ժողովէն ետք յառաջիկային նմանօրինակ ժողով մը պիտի գումարէ նաեւ շրջանի ուղղափառ եկեղեցիներու պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ` առ ի պատրաստութիւն նոյեմբերին Հռոմի պապին ներկայացուելիք աշխատանքի թուղթին:








All the contents on this site are copyrighted ©.