2013-09-27 12:49:07

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 27 Սեպտեմբերի Գործունէութիւնը


Ուրաբթ 27 սեպտեմբերի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք` Եուհաննա Ժ Եազիժիին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեանը։ Հանդիպումի ընթացքին շօշափուած նւիթերը կեդրոնացան Սուրիոյ տագնապալից իրավիճակին ու երկու Եկեղեցիներու միջեւ փոխյարաբերութիւններուն վրայ։ Յայտնենք որ Եազիժի Պատրիարքը Հռոմ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ կ՛ունենայ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի ու Քրիստոնեաներու Միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Գիւրտ Գոխի հետ։ Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարքը հուսկ 29 սեպտեմբերին կը մասնակցի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախատեսուած, ''կրօնուսույցներու օրուան'' առթիւ, Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագին։
Յայտնենք նաեւ որ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ աթոռը կը գտնուի Տամասկոսի մէջ եւ թէ Եուհաննա Եազիժի Պատրիարքը եղբայրն է Հալէպի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայածռ Փոլ Եազիժիի որ, Ասորի Օրթոտոքս եպիսկոպոս` Կրէկորիոս Լահհամի հետ միասին արեւանգուեցան 2013-ի ապրիլին եւ որոնց մասին մինչեւ օրըս ոչ մի տեղեկութիւն կայ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Եազիժի Պատրիարքի հետ ունեցած հանդիպոմէն ետք յաջորդաբար ընդունեց ''Քիմէական Զէնքերու Կանխարգիլման'' կազմակերպութեան ընդհանուր Տնօրէն` Տիար Ահմէտ Իւչիւմչիւն, ''Կեանքի ի նպաստ'' քահանայապետական ակատեմիայի տնօրէնութեան խորհուրդի անձնակազմը եւ Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը` գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 5-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ Կարօնուսույցներու Միջազգային գիտաժողովի մասնակցող 2000 անդամներուն հետ որոնք, հաւատոյ տարուայ առթիւ, 26 - 29 սեպտմեբեր, Հռոմի մէջ կը նշեն, Աւետարանութեան քահանայապեատական խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած` կրօնուսուսյցներու Օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.