2013-09-27 12:11:35

Ռուհանի Կը Յուսայ Արեւմուտքին Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Հասնիլ 3-6 Ամիսէն


Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յոյս յայտնեց, որ արեւմտեան պետութիւններուն հետ իր երկրին հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ 3-էն 6 ամիս երկարող ժամանակաշրջանի մը ընթացքին:
Ռուհանի ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սահմանափակ ժամանակի ճշդումը բանակցութեանց մէջ յառաջընթաց արձանագրելու միակ միջոցն է` նշելով, որ Թեհրան կը ձգտի այդ նպատակը իրագործել կարելի եղածին չափ շուտ` շեշտելով, որ «խօսքը վեց ամսուան մասին է եւ ոչ թէ տարիներու»:
«Եթէ Արեւմուտքը Իրանի բոլոր արդար իրաւունքները ճանչնայ եւ իրանեան հողամասերուն վրայ իւրանիոմի հարստացումը ընդունի, ապա կարծիքովս միջազգային օրէնքներու եւ կանոններու հիմամբ Իրանի կողմէ թափանցիկութիւն ցուցաբերելու որեւէ խնդիր պիտի չմնայ», ըսաւ ան:
Իրանի նախագահը հիւլէական թղթածրարի լուծումէն ետք Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութեանց բնականոնացումը չբացառեց եւ ըսաւ, որ «իրանեան կառավարութիւնը իր ամբողջ ջանքը կը թափէ հիւլէական հարցը երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու, եւ այդ հարցին լուծումէն ետք կրնանք որոշակի արժէչափերու եւ իրանցի ժողովուրդի իրաւունքներու յարգումին վրայ հիմնուած բանակցութիւններու ճամբով` երկու երկիրները հետաքրքրող հարցերուն վրայ կեդրոնանալ»:
Միւս կողմէ, Ռուհանի յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է մասնակցելու սուրիական տագնապի հարցով բոլոր բանակցութիւններուն եւ հանդիպումներուն, ներառեալ` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին, եթէ վերջինս առանց նախապայմաններու գումարուի:
Իրանի նախագահը ամերիկեան «Փի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ այլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «իրանեան իշխանութիւնները Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին տեղի ունենալէն առաջ միջազգային ընտանիքը զգուշացուցին, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը վերահսկեն շրջաններու, ուր քիմիական զէնքերու պահեստանոցներ կան»:
Ան կոչ ուղղեց քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ յաւելեալ հետաքննութիւն կատարելու` զայն օգտագործած կողմը ճշդելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.