2013-09-27 12:07:24

''Խոնարհեցումները Ուրախութեամբ Կրելով Կ՛ապացուցենք Մեր Քրիստոնեայ Ըլլալը'' Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։


''Քրիստոնեայ ըլլալու ապացոյցը կը յայտնուի խոնարհեցումները ուրախութեամբ եւ համբերութեամբ կրելու կարողութենէն''­ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը - այսօր առաւօտեան Տոմուս Սանդա Մարդայի Մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց ''հոգեւոր բարրօրութեան դիմելու փորձառութեան'' որ արգելք կը հանդիսանայ ամբողջութեամբ սիրելու Քրիստոսը։ Կան քրիստոնեաներ որ Տիրոջ ուղղելով իրենց նայուածքը Անորմէ կը խնդրեն խոնարհեցում, որպէսզի Անոր նմանին։ Այս է իսկական ընտրանքը` ''ապրիլ Յիսուսի մօտ եւ քալել Անոր ճանապարհէն'' հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.