2013-09-27 11:13:03

Գաբրիէլ Հրեշտակապետի Տօնը Ռատիովատիկանի Մէջ։


Ռատիովատիակնի պահպան Սուրբ` Գաբրիէլ հրեշտակապետի տօնին առթիւ, որ կը զուգադիպի 29 սեպտեմբերին, շաբաթ 28 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին Ռատիովատիկանի ''Բալացցօ Բիօ'' անուան կեդրոնի` Աւետման մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ պատարագ զոր գլխաւորեց Ընկերային հաղորդամիջոցներուն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Գալուտիօ Մարիա Չէլլին։ Վերոյիշեալ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռատիովատիկանի աշխատակազմը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Գերապայծառ Չելլի խօսքը կեդրոնացուց Գաբրիէլ Հրեշատակապետի ''բանբերի'' գործունէութեան մատնանշելով թէ ''ամէնքս Աստուծոյ ծառայութեան բանբերներ'' ըլլալու ենք ու յանձնարարեց չ՛ըլլալ լոկ պաշտօնեաներ այլ Աստուծոյ Խօսքին առաքեալներ։
Յայտնենք թէ Վատիկանի Ձայնասփիւռը հիմնուած է՝ Ձայնասփիւռի գիւտարար Իտալացի Կուլիէլմօ Մարքոնիի կողմէ եւ Կայանին պաշտօնական բացումը կատարուած 12 Փետրուար 1931-ին երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Հռոմի պապի կողմէ։ Ռատիովատիկանի գլխաւոր գործունէութիւնն է Ազատութեամբ, Հաւատարիմ, Ազդու եւ զօրեղօրէն հաղորդել ու տարածել Քրիստոսի պատգամը, եւ կամուրջ հանդիսանալ Կաթողիկէութեան կեդրոն` Հռոմի եւ Համայն Աշխարհի միջեւ։
Վատիկանի Ձայնասփիւռը աշխարհի ամենամեծ Ռատիոկայանն է։ Անոր ալիքներու միջոցաւ Հինգ աշխարհամասերու ունկնդիրներուն կը ձայնասփռուին 40 լեզուներով յայտագիրներ, որոնց շարքին նաեւ 19 վայրկեան տեւող ամենօրեայ ''հայերէն'' յայտարգիրը.








All the contents on this site are copyrighted ©.