2013-09-27 08:11:40

Աստուծոյ Արքայութիւնը


«Ժամանակը հասած է, մօտ է Աստուծոյ Արքայութիւնը. ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին»:
Քրիստոսի այս խօսքերը յստակ կերպով կը պատկերացնեն Աստուծոյ Արքայութեան իսկութիւնը:
Աստուծոյ թագաւորութիւնը` Քրիստոսի խօսքերուն մէջ` հակադրութիւնն է սատանայի թագաւորութեան: Սատանային թագաւորութիւնը չարին թագաւորութիւնն, խաբէութեան, անգթիւթեան, ամբարտաւանութեան. ստորին թագաւորութիւնը: Մինչդեռ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը նշանակէ թագաւորութիւնը բարիի, անկեղծութեան, սիրոյ, խոնարհութեան. բարձրին թագաւորութիւնը:
Երկրի թագաւորութիւնը` թագաւորութիւնն է նութին ու միսին, ոսկիին ու նախանձին, ագահութեան եւ զեղխութեան:
Երկնքի թագաւորութիւնը` ընդհակառակն, պիտի ըլլայ մտքին ու հոգիին, հրաժեշտին եւ մաքրութեան, թագաւորութիւնը բոլոր արժէքներուն, զորս կը փնտռեն մարդիկ, որ գիտեն բոլոր մնացածին անարժէք ըլլալը:
Ով որ երկրի վրայ կը սողայ եւ նութով կը հեշտանայ` «անասուն» է: Ով որ կ՛ապրի նայելով երկինք, փափաքելով երկնքի, յուսալով միշտ երկինքն ապրիլ` սուրբ է:
Յիսուս ըսած էր. «Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.33): Քրիստոսի այս խօսքը կը հայի հեթանոսներուն, որոնց յատուկ է ուտելիքի, խմելիքի, հագնելիքի համար մտահոգուիլը: Տխուր բան է մտահոգուիլ նիւթական ուտելիքի եւ խմելիքի համար, իսկ կեանքի Հացին նկատմամբ անտարբեր ըլլալ:
«Հարկաւ ուտելիք, խմելիք եւ հագնելիք ըսելով միայն հացը, ջուրն ու հագուստը չէ որ կը հասկնանք, այլ ընդհանրապէս նիւթական աշխարհը, երկրաւորը, ժամանակաւորը: Քրիստոս չ՛արգիլեր որ մենք ունենանք նիւթական հարստութիւն, բայց ան միաժամանակ չ՛ուզեր որ ատիկա մեզի համար ըլլայ առաջնահերթութիւն: Քրիստոս կ՛ուսուցանէ որ մեզի համար առաջնահերթը պէտք է Աստուծոյ թագաւորութեան խնդրանքը ըլլայ: Աշխարհային հարստութիւնը չի կրնար պատճառ ըլլալ որ մենք չծառայենք Աստուծոյ արքայութեան, ընդհակառակը, ատիկա կրնայ մեր ծառայութիւնը դիւրացնել եւ արդիւնաւորել, կը բաւէ որ Աստուծոյ արքայութիւնը մեզի համար առաջնահերթ իրականութիւն ըլլայ: Ան որ իր ունեցածը չի դներ ի սպաս Աստուծոյ արքայութեան, այդ պարզապէս ցոյց կու տայ, որ իրեն համար նիւթական այս աշխարհը աւելի՛ կարեւոր է քան Աստուածն ու անոր կամքին կատարումը:
«Նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ», կ՛ըսէ Քրիստոս: Նախ Աստուծոյ արքայութիւնը խնդրել, կը նշանակէ ամէն բանէ առաջ հետապնդել մեր հոգիներուն փրկութիւնը, որպէսզի անդամ դառնանք իր արքայութեան: Աստուծոյ համար մեր յաւիտենական փրկութիւնը, ամէն խնդրանքէ եւ ամէն բանէ աւելի կարեւոր է: Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ հանգստաւէտ պայմաններ եւ նիւթական հարստութիւններ խնդրենք իրմէ, ան չի տար մեզի այդ բոլորը, եթէ երբեք գիտնայ որ ատոնք պատճառ պիտի ըլլան որ մեր փրկութիւնը վտանգուի:
«Ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին»: Յիսուս կը դնէր իբր պայման երկինքի թագաւորութեան հասնելու ամբողջական դարձը, վերիվայր շրջում կեանքի եւ կեանքի հասարակ արժէքներուն, փոփոխութիւն զգացումներու, դիտումներու, այս վերջապէս, զոր կոչեց նիկոդեմոսի հետ խօսելով` «վերստին ծնունդ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.