2013-09-26 12:24:30

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Ամերիկացի Ժողովուրդին Կէսը Օպամայի Արտաքին Քաղաքականութեան Համամիտ Չէ


«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին եւ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ ամերիկացի ժողովուրդին 49 առ հարիւրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտաքին քաղաքականութեան համամիտ չէ, ինչ որ յունիսի սկիզբի համեմատութենէն 10 կէտով աւելի է: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 40 առ հարիւրը յայտնեց, որ այդ քաղաքականութեան համամիտ է:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 52 առ հարիւրը մերժեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Օպամայի վարած քաղաքականութիւնը: 82 առ հարիւրը զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային հսկողութեան տակ դնելու ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ սուրիական կառավարութիւնը այդ համաձայնութիւնը պիտի չյարգէ, բայց ատիկա Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի ձեռնարկելը չ՛արդարացներ, ինչ որ կը շեշտէ, թէ ամերիկացի ժողովուրդը սուրիական տագնապին միջամտելուն դէմ է:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 68 առ հարիւրը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ գործի լծուելու պատասխանատուութիւնը չունի, իսկ 64 առ հարիւրը ըսաւ, որ Օպամայի վարչակազմը Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի նպատակները յստակ կերպով չբացատրեց: Հարցախոյզին մասնակիցները նշեցին նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը քիմիական զէնքերու կամ աւանդական զէնքերու օգտագործումով քաղաքայիններու սպանութիւններուն նկատմամբ նոյն հակազդեցութիւնը պէտք է ունենայ:
Ինչ կը վերաբերի Իրանի նկատմամբ որդեգրուած քաղաքականութեան, ապա 39 առ հարիւրը թեր արտայայտուեցաւ, իսկ 44 առ հարիւրը` դէմ: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 25 առ հարիւրը այն կարծիքը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւնները յառաջիկայ ամիսներուն պիտի բարելաւուին, մասնակիցներուն մէկ երրորդը ըսաւ, որ յարաբերութիւնները պիտի վատթարանան, իսկ 40 առ հարիւրը` նոյնը պիտի մնան:







All the contents on this site are copyrighted ©.