2013-09-26 12:24:14

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ի 33-րդ Հատորի Շնորհահանդէս


Երէկ` չորեքշաբթի, 25 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 33-րդ հատորի շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան: Ան խօսեցաւ հայագիտութեան մարզին մէջ Հայկազեան համալսարանի եւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին ունեցած դերակատարութեան մասին: Իւրնեշլեան նաեւ անդրադարձաւ անցեալ տարի համալսարանին մէջ կազմակերպուած հայ գրատպութեան 500-ամեակի ձեռնարկներուն` աւելցնելով, որ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի այս` 33-րդ հատորին մէջ ուսումնասիրութիւններ ունին 24 հոգի: Առաջին անգամ ըլլալով թաքուն հայերու հարցին մասին կայ 4 ուսումնասիրութիւն:
Ապա Իւրնեշլեան բեմ հրաւիրեց դոկտ. Արտա Էքմեքճին, որ ներկայացուց «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի գլխաւոր խմբագիր Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի գործունէութիւնը: Էքմեքճի իր կարգին բեմ հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որ հայր Կռանեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ» մետալով:
Խօսք առաւ նաեւ Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որ անդրադարձաւ դժուար պայմաններու մէջ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի լոյս ընծայման` աւելցնելով, որ համալսարանին տնօրէնութիւնը միշտ ալ աջակցած է հանդէսին լոյս ընծայման:
Աւարտին խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարի 4 նոր ուսանողներ արձանագրուած են համալսարանի հայագիտական ճիւղին մէջ: Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ հայ մտաւորականներուն միջեւ հասարակաց յայտարարներ գտնելը դժուար գործ է, ինչ որ լաւապէս կը կատարէ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը:
Շնորհահանդէսին աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք հետագային:







All the contents on this site are copyrighted ©.