2013-09-25 12:32:38

Իրանի Նախագահը Ճանչցած է Հոլոքոսթի Փաստը


Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին CNN-ին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին, հոլոքոսթը ճանչցած է իբրեւ պատմական փաստ եւ զայն անուանած յանցագործութիւն հրէաներուն դէմ: Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ մի քանի անգամ կասկածի տակ առած էր հոլոքոսթը, այդ մէկը յառաջացուցած էր միջազգային հանրութեան դժգոհութիւնը: Նախկին նախագահը կը յայտարարէր, որ հոլոքոսթը սուտ է, որ հիմնուած է չապացուցուող ու առասպելական պնդումներու վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.