2013-09-24 13:16:31

Ռուհանի Նիւ Եորք Մեկնելէ Առաջ Կը Դատապարտէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները


ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուելու համար մեծ պատուիրակութեամբ մը Նիւ Եորք մեկնելէն առաջ դատապարտեց իր երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները եւ Արեւմուտքին կոչ ուղղեց Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ երկխօսութիւն կատարելու:
Ռուհանի այսօր Ընդհանուր ժողովին առջեւ պիտի արտասանէ խօսք մը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է եւ յունիսին նախագահ ընտրուելէն ետք միջազգային բեմի վրայ անոր առաջին ճառն է:
Ռուհանի Թեհրանէն մեկնած ատեն լրագրողներու յայտնեց, որ «պատժամիջոցներու ուղին անընդունելի է: Անոնք, որոնք այդ պատժամիջոցները որդեգրեցին, իրենց նպատակներուն պիտի չհասնին»` աւելցնելով, որ «փոխանակ այդ ուղիով ընթանալու, անոնք (արեւմուտքցիները. «Ա.») պէտք է հաղորդակցութեան, բանակցութեան եւ հասկացողութեան վրայ հիմնուած այլ ուղի մը ընտրեն»:
Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը այս շաբթուան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներու ներկայացուցիչներուն հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.