Հինգշաբթի 26 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30 ին, Սուրբ Աթոռի՝ ՅՊԲ-ի անուան սրահին
մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացին կը ներկայացուի ''Խաղաղութիւն
Երկրի Վրայ'' շրջաբերական թուղթի հրատարակութեան 50-րդ յոբելեանի հետ կապուած տօնակատարութիւններու
յայտագիրը որ տեղի կ՛ունենան յառաջիկայ 2,3 եւ 4 հոկտեմբերին։ Մամլոյ ասուլիսին
խօսք կ՝առնեն Կարտինալ Թուրքսոն` Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի
Նախագահը եւ Գերապայծառ Մարիօ Թոզօ վերոյիշեալ խորհուրդի քարտուղար։