2013-09-23 09:52:58

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Հանդիպումը Սարտէնիայի Մշակութային Աշխարհի Ներկայացուցիչներուն Հետ։


Գարիդասի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Գալիրաիի Աստուածաբանութեան Քահանայապետական Համալսարանը ուր զինք դիմաւորեցին համալսարանը կառավարող միաբանակից Յիսուսեան Հայրերը եւ ուր Նորին Սրբութիւնը Հանդիպում ունեցաւ մշակութային աշխարհի ներկայցուցիչներուն հետ ու անոնց ուղղեց ճառին մը ներշնջուելով Էմմաուսի աշակերտներու դրուագէն որ Յիսուսի կը հանդիպին Անոր Յարութենէն անմիջապէս ետք։

Յիսուսի մահը այդ աշակերտներու սրտին մէջ խռովութիւն յարուցած էր, վհատութեան մէջ էին - ըսաւ Սրբազան Հայրը ականրակելով թէ այդ նոյն զգացումը, տնտեսաֆինանսական, դաստիարակչական եւ բարոյական տագնապի հետեւանքով այսօր եւս կը գտնենք ժամանակակից աշխարհին մէջ։ Տագնապ մը որ մարդկութեան ներկային ու ապագային կը հայիլ եւ որ շատ անգամ յուսահատութիւն կը յառաջացնէ։ ֆրանչիսկոս Պապը առ այդ ընդգծեց դաստիարակութեան կարեւրութիւնը յատկապէս խօսքը կեդրոնացնելով Համալասարաններու դերին վրայ որպէս ''գիտութեան զարգացումի եւ փոխանցումի վայր մը ։ ''Իմաստութեան'' կազմաւորումի եւ մարդկային կատարեալ դաստիարակութեան վայր եւ որպէս ''դատողութեան'' վայր։ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Համալասրանի մասին որպէս վայր մը ուր կը մշակուի մօտիկութեան մշակոյթը որ հակառակ է ''կղզիացումին''։ Ան ապա որպէս երրորդ յատկանիշ խօսեզաւ Համասլարանի մասին որպէս զօրակցութեան կազմաւորումի վայր։
Դատողութիւնը մեզ կը մղէ իրականութիւնը հասկնալու, բաժնեկցութեան մշակոյթը մեզ կ՛ուղղէ դէպի զօրակցութիւն որ կը մեծաղէս կը սատարէ մեր ընկերութիւնը վերանորոգելու համար։
Էմմասուսի աշակերտներու հանդիպումը Յիսուսի հետ անոնց մէջ վերազարթ նեց Յոյսը եւ վերանորոգեց կեանքի ուղեւորութիւնը որ զանոնք մղեց բաժնեկցութեան։ Ոչ մէկ երկրի համար եւ ոչ մէկ հասրակութիւն կրնայ ապագայ մը ունենալ եթէ մենք զօրակից չ՛ըլլանք մեկը նմիւսին հետ` ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա խօսքը եզրափակեց ընգծելով թէ Քրիստոնաեներուն համար հաւատքը կը պարգեւէ կայուն յոյս մը որ կը մղէ դատողութեամբ քննարկելու իրականութիւնը եւ ապրելու մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը որովհետեւ նոյնինքն Աստուած է որ մեր պատմութեան մէջ մտաւ, Յիսուսով մարդեղացաւ, կրեց մեր տկարութիւնը, մօտիկ եղաւ մեզի, ցոյց տալով առարկայական զօրակցութիւն մը յատկաղէս կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն հանդէպ մեզի բանալով անսահման եւ վստահելի յոյսի նոր հորիզոն մը։
Թող Յոյսը ըլլայ այն ճրագը որ կը լուսաւորէ ձեր ուսումնասիրութիւններն ու ձեր յանձնառումը։ Աստուած Օրհնէ ձեզ բոլորդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.