2013-09-23 12:11:36

Իսլամական Զինեալներ Յարձակում Գործեցին Նայրոպիի Մէջ Գտնուող Առեւտրական Համալիրի Մը Դէմ


Սոմալիի մէջ խաղաղապահ ուժերու Քենիոյ մասնակցութեան ընդդիմացող Իսլամական Շապապ կազմակերպութենէն զինեալներ յարձակում գործեցին Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ գտնուող առեւտրական համալիրի մը դէմ: Յարձակումը ընթացք առաւ շաբաթ կէսօրին: Անոնք համալիրին մէջ գտնուող իսլամներուն թելադրեցին դուրս գալ համալիրէն, իսկ մնացեալները պատանդ բռնեցին: Քենիական ուժեր միջամտեցին` ազատ արձակելու համար պատանդները:
Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ին, գործողութեան մասնակցած են նաեւ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր: Իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իսրայէլացի խորհրդատուներ դէպքին վայրը կը գտնուին:
«Ռոյթըրզ» նաեւ հաղորդեց, որ հրացանաձգութեան պատճառով առնուազն 59 զոհ արձանագրուած է: Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ին, այդ թիւը 142 է:
Զոհերուն շարքին էին երեք բրիտանացիներ, երկու ֆրանսացիներ, չինացի կին մը եւ երկու դիւանագէտներ` մէկը Քանատայէն, իսկ միւսը` Կանայէն: Սպաննուած է նաեւ ամերիկացի դիւանագէտի մը կինը: Զոհերուն շարքին էին երկրի նախագահ Ուհրու Քենտաթայի նշանածը եւ զարմիկը: Նախագահը նշեց, որ «մենք նախապէս ալ ահաբեկչական յարձակումներ յաղթահարած ենք»:
Զոհերուն շարքին էր նաեւ քենիացի 78-ամեայ բանաստեղծ Քոֆի Աոունոր:







All the contents on this site are copyrighted ©.