2013-09-22 11:22:04

''Պոնարիա'' Կոչուած Գայլիարիի Տիրամօր Սրբավայրը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կիրակի 22 սեպտեմբեր 2013-ին ուխտագնացութիւն կատարեց Սարտէնիայ կղզիի Գալիարիի մէջ գտնուող ''Պոնարիա'' կոչուած Տիրամօր Սրբավայրին։
Պոնարիայի Տիրամօր սրբավայրը կառուցուած է Սարտէնիայի Պոնարիա կոչուած բլուրին վրայ, ''պոնարիա'' իտալերէն լեզուով կը նշանակէ ''մաքուր օդ''։
Այդ վայրին մէջ, երրորդ դարուն, կառուցուած էր փոքրիկ եկեղեցի մը եւ 1704 թուականին Մէրչէտարի վանական եյբայրները կառուցած են ''Պոնարիա'' Տիրամօր նուիրուած ՝ աւագ տաճառ մը։

25 Մարտ 1370 թուականին մեծ նաւ մը կը մեկնի Գաթալօյնյայէն, նաւարկութեան ընթացին զօրաւոր փոթորիկ կը ծագի, նաւաստիները վախէն մղուած կ՛ որոշեն նաւուն բոլոր առարկաները ծով թափել, ի մէջ այլոց, փայտէ մեծ սնտուկ մը։ Հազիւ այդ սնտուկը ջուրին կը դպչի ծովը կը հանդարտի։ Ալիքներու հոսանքով փայտէ սնտուկը Գայլիարիի Պոնարիա կուչուած բլուրին մօտ գտնուող ծովափ կը հասնի ուր Պոնարիա վանքի կրօնաւորները կը գտնեն զայն ու բանալով մէջը կը գտնեն փայտէ շինուած տիրամօր արձան մը որ մէկ ձեռքին մէջ կը կրէ Յիսուս մանուկը եւ միւս ձեռքին մէջ վառած մոմ մը ։

Հրաշակագործ Տիրամօր փայտէ արձանին բարեպաշտութիւնը կը տարածուի բոլոր Սարտէնյայի մէջ, նամանաւանդ, Ան նաւասարտիներուն համար կը հանդիսանայ պաշտպանուհի Տիրամայր ու անոնք որեւէ նաւարկութենէ առաջ այցելութիւն կը կատարէին սրբավայրին մէջ գտնուող Տիրամօր հայցելով Անոր հովանին։

13 Սեպտեմբեր 1907 ին Պիոս Ժ. Քահնայապետը Պոնարիայի տիրամյրը կը հռչակէ համայն Սարտէնյաի պաշտպան սրբուհի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այցելութենէն առաջ իրենց նախորդները եւս ուխտագնացութիւն կատարած են Պոնարաիայի Սրբավայրին։
Արդարեւ Պօղոս Զ Քահանայապետը 24 ապրիլ 1970 ին այցելած է Տիրամօր սրբավայրը։ Իսկ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը` 20 հոկտեմբեր 1985-ին մինչ Պենետիկտոս ԺԶ-ը` Պոնարիայի Սրբավայրը այցելած է 7 սեպտեմբեր 2008-ին Պոնարիայի Տիրամօր Սարտէնիայի պաշտպան Սրբուհի հռչակման 100 ամեակի առթիւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.