2013-09-21 13:14:55

Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետի 21 Սեպտեմբերի Գործունէութիւնը։ Հանդիպում Ընկերային Հաղորդակցութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Անդամներուն Հետ ։


Շաբաթ 21 սեպտեմբեր։ Այսօր առաւօտեան ժամը 7-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանդա Մարդայի Մատրան մէջ գլխաւորեց առօրեայ Սուրբ Պատարագի զոհը որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացուց ''Յիսուսի Հայեացքի'' վրայ որ ''կեանքը կը բարեփոխէ''։Յիսուսի հայեացքը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ամէնուն կու տայ արժանաւորութիւն։Մեծահոգի նայուածք մըն է որ անհուն սէր կ՛արտայայտէ բոլորին հանդէպ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի օրուան գործունէութեան յայտագիրը շարունակուեցաւ պաշտօնական հանդիպումներով. Ժամը 11-ին Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ Մարք Ուելլէի հետ եւ ժամը 12,30-ին, Գլեմենդինա սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհելով Ընկերային հաղորդակցութեան քահանայապետական խորհուրդի տարեկան հաւաքի 80 մասնակիցներուն։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց երեք նիւթերու վրայ։ Հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ համար։ Գործնական գետնի վրայ Եկեղեցւոյ դերը հաղորդակցութեան միջոցներուն նկատմամբ։ Եւ երրորդ` ի՞նչպէս Եկեղեցին կարող է Յիսուսը փոխանցել ուրիշներուն արդիական հաղորդակցութեան միջոցները օգտագործելով։
Սրբազան Հայրը վերյիշեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''Ընկերային հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օրուայ'' 2013-ի պատգամը որուն մէջ Ան յայտնած էր թէ հաղորդակցութեան արդի միջոցները դարձած են ''կեանքի միջավայրեր''։ ֆրանչիկսոս Պապը ապա անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան միջոցներու նպատակին որ է ''ժամանակակից մարդոց հետ երկխօսութեան մէջ մտնել''։ Եկեղեցի մը որ կ՛ընկերանայ բոլորին ուղեւորութեան։ Եկեղեցի մը որ կարող է ջերմութիւն փոխանցել եւ սրտերը բորբոքել։ Մենք - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - ունինք արժէքաւոր գանձ մը որ լոյս եւ յոյս կը սփռէ եւ պարտաւոր ենք զայն փոխանցելու եւ կիսելու ուրիշներուն հետ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց վերահաստատելով հաղորդակցութեան միջոցներուն կարեւորութիւնը ժամանակակից մարդուն հետ երկխօսելու ու զայն առաջնորդելու Քրիստոսի հետ հանդիպումին։ Մեզի համար յստակ թող ըլլայ - ըսաւ Ան- որ այն Աստուածը որուն կը հաւատանք, մարդուն սիրահար Աստուած մըն է, Ան կ՛ուզէ յայտնուիլ մեր միջոցները օգտագործելով, նոյնիսկ եթէ աղքատիկ են, որովհետեւ Ան է որ կը գործէ, Ան է որ կը յեղաշրջէ, Ան է որ մարդը կը փրկէ։ Աղօթենք որ Տէրը մեր սրտերը ոգեւորէ ու մեզի ըլլայ նեցուկ` զինք աշխարհին հռչակելու այն հմայիչ առաքելութեան մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.