2013-09-21 09:46:17

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կոչումին 60 Ամեակը։


Անցեալ 16 սեպտեմբետր 2013-ին, Հռոմի Թեմի կղերին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն յայտնեց թէ 21 սեպտեմբերին կը նշուի իր քահանայութեան ''կոչումին'' 60 ամեակը։ Արդարեւ 1953-ի 21 սեպտեբերին, 17 ամեայ երիտասարդ` Եորկէ Պէրկոլիոն, դէպի դպրոց տանող ճանապարհի վրայ կ՛անցնի ''Սան Խօսէ Տի ֆլորէս'' ժողովրդապետութեան առջեւէն եւ ներքին ուժ մը զինք կը մղէ ներս մտնելու։ Հոն կը հանդիպի անծանօթ քահանայի մը ու առանց հասկնալու թէ ի՞նչու, անոր մօտ կը խոստովանի։ Խոստովանահայրը Պէրկոլիոյին կը յայտնէ թէ ''արեան քաղցկեղէ '' կը տարապի ու արդարեւ ան մէկ տարի ետք կը մահանայ։ Հոն է որ Եորկէ Պէրկոլիոն իր կեանքի վճռական որոշումը կ՛առնէ։ ''Այդ վայրկեանին, առանց վարանումի, զգացի որ պէտք եմ քահանայ ձեռնադրուիլ''։

Իտալացի գաղթական ծնողներու զաւակ` Եորկէ Պէրկոլիոյ ծնած է 17 դեկտեմբեր 1936-ին ։ Հայրը շոգեկառքի ընկերութեան մէջ պաշտօնեայ իսկ մայր 5 զաւակներու տէր` տանտիկին։
Աւարտելով իր ուսումները որպէս ''քիմիագէտ'' կը մտնէ թեմական նորընծայարան։ 11 մարտ 1958-ին կ՛անդամակցի Յիսուսեան Միաբանութեան եւ իր մարդաբանական ուսումները կ՛աւարտէ Չիլէի մէջ 1963-ին ու կը վերադառնայ Արժանդին ուր իմաստասիրութեան մասնագիտութեան վկայականը կը ստանայ։ 1967-էն 1970 կ՛աւարտէ իր Աստուածաբանական մասնագիտութիւնը։ 13 դեկտեմբեր 1969-ին Քահանայ կը ձեռնադրուի ու իր կազմաւորումը կը շարունակէ 1970-71 սպանիայի մէջ։ 22 ապրիլ 1973-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը։ Նոյն տարին կ՛ընտրուի Յիսուսեան միաբանութեան Արժանդինի Յիսուսեաններու մեծաւոր։ 1980-1986 կը ստանձնէ Սուրբ Յովսէփի վարժարանի Րէկտորի պաշտօնը։ 1986-ին կը մեկնի Գերմանիայ իր աւարատաճառը պատրաստելու համար հուսկ կը վերադառնայ Պուէնոս Այրէս ուր ծառայութիւն կը մատուցէ Սուրբ Փրկիչ վարժարանի եւ Յիսուսեաններու Գորտոպայի Եկեղեցւոյ մէջ որպէս Հոգեւոր Վարիչ եւ խոստովանահայր։ 20 մայիս 1992-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Պուէնոս Այսրէսի տեղապահ եպիսկոպոս եւ նոյն տարուայ յունիսի 27-ին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը Կարտինալ Գուարրաչինօյի ձեռքով։ 21 դեկտեմբեր 1993-ին Պէրկոլիոյ Եպիսկոպոսը կը դառնայ Պուէնոս Այրէսի թեմի ընդհանուր փոխանորդ եւ 3 յունիս 1997-ին կ՛անուանուի Պուէնոս Այրէսի օգնական Արքեպիսկոպոս։
Կարտինալ Գուարրաչինօյի մահէն ետք, գերապայծառ Պէրկոլիոն անոր կը յաջորդէ որպէս Արժանդինայի արեւելեան ծէսի հաւատացեալներու առաջնորդ` 28 փետրուար 1998 թուականին։
2001-ի փետրուար 21-ին գումարուած Կարտինալական Ժողովի ընթացքին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետը զինք Կարտինալ կ՛անուանէ, անոր շնորհելով Սուրբ Րոպէրդօ Պէլլարմինոյի տիտղոսը։ 2005-ին կ՛ընտրուի Արժանդինայի եպիսկոպոսական համահաւք դասի նախագահ` երեք տարուայ համար եւ 2008-ին կը վերահաստատուի նոյն պաշտօնի վրայ։ 2005-ին Վատիկանի մէջ կը կը մասնկացի Պենետիկտոս ԺԶ-ի` Պապընտիր ժողովին։
Որպէս Պուէնոս Այրէսի Արքեսպիկոպոս (3 միլիոն բնակչութիւն) կը ծրագրէ միսիոնարական առաքելութիւն մը հիմնուած հաղորդութեան եւ աւետարանութեան վրայ որպէս կէտնապատակ ունենալով` բաց եւ եղբայրակից հասարակութիւն, գիտակից աշխարհականներու դերակատարութիւն, քաղաքաի ամէն անհատի ուղղուած աւետարանութիւն եւ հիւանդներուն ու աղքատներուն օժանդակութիւն։
13 մարտ 2013-ին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի հրաժարականէն ետք Կարտինալ Եորկէ Պէրկոլիոյ կ՛ընտրուի Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.