2013-09-21 11:31:17

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գալիարիի Հովուական Այցելութեան Յայտագիրը։


Կիրակի 22 սեպտեմբերին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն մը կը կատարէ Իտալիոյ Սարտէնիա Կղզիի Գալիարի քաղաքը ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ Բանուորական աշխարհի հետ, բանտարկեալներուն եւ երիտասարդներուն հետ։
Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն կը մեկնի առաւօտեան ժամը 7,30-ին եւ Գալիարիի ''Մարիօ Մամէլի'' օդակայան կը ժամանէ 8,15-ին։ 8,45-ին նախատեսուած Սրբազան Քահանայապետի առաջին հանդիպումը` բանուրական աշխարհի հետ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ճառ մը կ՛արտասանէ հուսկ ժամը 9,45-ին Սրբազան Հայրը, Գալիարիի Պոնարիայի Տիրամօր Սրբավայրի հրապարակի վրայ, կ՛ողջունէ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւնները որմէ ետք Սրբավայրի Մայր տաճարին մէջ կը հանդիպի հիւանդներուն։
Ժամը 10,30-ին Սրբավայրի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ բացօթեայ Սուրբ Պատարագ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը Գալիարիի նորընծայարանին մէջ կը հանդիպի Սարտէնիայի եպիսկոպոսներուն ու անոնց հետ կը բաժնեկցի եղբայրական սիրոյ սեղանը։
Յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Գալիարիի Աթոռանիւստ եկեղեցւոյ մէջ, ֆրանչիսկոս Պապը կը հանդիպի աղքատներու եւ բանտարկեալնեու մէկ խումբի մը հետ ու անոնց կ՛ուղղէ նաեւ ճառ մը։
Ժամը 16-ին նախատեսուած է մշակոյթի աշխարհին հետ հանդիպում մը Գալիարիի Աստուածաբանութեան Քահանայապետական Համալսարանի Գլխաւոր դահլիճին մէջ։ Ժամը 17-ին ֆրանչիսկոս Պապը իր հովուական այցելութիւնը կ՛աւարտէ Գալիարիի երիտասարդներուն հետ հանդիպումով, որմէ ետք կ՛ուղղուի ''Մարիօ Մամէլի'' օդակայան եւ ժամը 18,30-ի թռիչքով կը վերադառնայ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.