2013-09-21 08:42:06

Սուրիոյ Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Համար՝ Եկեղեցիներու Առաջնորդներուն Կոչ Ուղղուած է Միջնորդելու Պետութիւններու Ղեկավարներուն:


Ժընեւի Պոսէի էկումենիկ դպրոցին մէջ Սեպտեմբեր 18-19 տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն Սուրիոյ խնդիրներուն վերաբերեալ` կազմակերպուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին կողմէն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի ներկայացուցիչները: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ իբրեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչներ՝ խորհրդակցութեան մասնակցած են ԵՀԽ Գործադիր կոմիտէի անդամ Տ. Վիգէն արքեպիսկոպոս Այքազեանը եւ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեանը:
Խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք ժողովականները արձանագրած են, որ Սուրիոյ ճգնաժամը չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով եւ հարկ է, որ միջազգային հանրութիւնը պատասխանատւութիւն ստանձնէ բռնութիւններու կասեցման համար` ձեռնարկելով խաղաղութեան հաստատման ուղղուած միջոցներ:
Հանդիպման ժամանակ նաեւ կոչ ուղղուած է Եկեղեցիներու առաջնորդներուն` միջնորդելու պետութիւններու ղեկավարներուն` ջանքեր գործադրելու Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատման համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.