2013-09-21 09:16:09

«Ապահովութեան Խորհուրդը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հարցով Պէտք Է Գործի Լծուի» Կ՛ըսէ Քերրի


«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ պէտք է սուրիական քիմիական զէնքերէն ձերբազատելու վերաբերեալ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը գործադրել, եւ «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ շաբաթ այս հարցով պէտք է գործի լծուի, երբ անոր անդամները Նիւ Եորքի մէջ ժողով գումարեն»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ շաբաթ պէտք է գործի լծուի: Կարեւոր է, որ միջազգային ընտանիքը ոտքի կանգնի եւ աշխարհը սուրիական քիմիական զէնքերէն փրկելու համար պարտադիր գործ կատարելու կարեւորութեան մասին կարելի եղածին չափ ուժեղ բառամթերքով արտայայտուի»:
Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները յառաջիկայ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն առաջ ժողով մը պիտի գումարեն` քննարկելու համար Սուրիոյ քիմիական զէնքերը միջազգային վերահսկողութեան տակ դնելու ծրագիրը:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները դիւրացնելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.