2013-09-20 12:36:25

Միլանոյի Քրիստոնէութեան Հռչակման Հրովարտակի 1700 Ամեակը։


Միլանոյի Քրիստոնէութեան Հռչակման հրովարտակի 1700 ամեակի առթիւ, Միլանոյի Արքեպիսկoպոս` Կարտինալ Սքօլայի առաջնորդութեամբ, կազմակերպուած է ուխտագնացութիւն մը դէպի Սէրպիոյ Նիս քաղաղքը, որ Կոստանդին Կայսրի ծննդավայրն է։
Նշենք որ Կոստանդիանոս Կայսրի ստորագրած Միլանոյի հրովարտակը սկիզբ տուած է Արեւմուտքի կրօնական ազատութեան։
Վերոյիշեալ ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, ուրբաթ 20 սեպտեմբերի երեկոյեան, նախատեսուած է երեկոյեան ժամերգութիւն ,Նիսի Խաչվերացի Եկեղեցւոյ մէջ ու ապա Սուրբ Խաչի պաշտամունք եւ հսկում մինչեւ յաջորդ օր առաւօտեան։
Շաբաթ 21 Սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ նախագահութեամբ Քահանայապետի Նուիրակ` Միլանոյի Արքեպիկսոպոս Կարտինալ Անճէլօ Սքոլայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.