Իտալիան Հետամուտ Է Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը Զարգացնելու
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սեպտեմբեր 18ին ընթացք առած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ
Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Իտալիա: Նոյն օրը ան հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ
իր պաշտօնակիցին՝ Էմմա Պոնինոյի հետ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան
համաձայն, շնորհակալութիւն յայտնելով իր իտալացի գործընկերոջ՝ Հռոմ այցելելու հրաւէրին
համար, նախարար Նալբանդեան նշած է, որ հայ-իտալական յարաբերութիւնները ունին հազարամեակներու
պատմութիւն՝ յիշարժան փոխադարձ բարեկամութեան դրսեւորումներով եւ բարի աւանդութիւններով
լի, ինչ որ լաւ հիմք է փոխգործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ խորացման համար: Նախարար
Պոնինոն յայտնած է, որ Իտալիան մեծապէս հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ համակողմանի համագործակցութեան
առաւել զարգացմամբ եւ պատրաստ է գործօն քայլերու ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ: Նախարարներ
քննարկած են տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները:
Անոնք կարեւոր նկատած են բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները, քաղաքական երկխօսութեան
խթանումը, արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդատուութիւններու կայացումը,
միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ փոխգործակցութեան սերտացումը: Զրուցակիցները
գոհունակութեամբ նշած են, որ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ամպարնդման համար առկայ
է համապատասխան իրաւապայմանագրային դաշտ եւ տնտեսական կապերու աշխուժացման միտում: Երկուստեք
կարեւոր նկատած են գործարար համաժողովներու կազմակերպումը: Քննարկուած է 2015ին Միլանոյի
մէջ կայանալիք համաշխարհային ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը: Էդուարդ Նալբանդեան
եւ Էմմա Պոնինոն անդրադարձած են Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ միջխորհրդարանական, ապակեդրոնացեալ,
մշակութային, կրթական եւ գիտական բնագաւառներուն մէջ հաստատուած համագործակցութեան: Քննարկուած
են նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, Արեւելեան գործընկերութեան
նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ փոխգործակցութիւնը: Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի
նախագահութենէն մեկնած՝ միտքեր փոխանակուած են ԵԽ օրակարգային հարցերու շուրջ: Իտալացի
գործընկերոջ խնդրանքով՝ Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ
կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Անոնք միտքեր փոխանակած են սուրիական ճգնաժամի հանգուցալուծման նպատակով գործադրուող
ջանքերուն, Իրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջ բանակցային գործընթացին վերաբերեալ: Նոյն
օրը նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ
Մաուրոյի հետ: Անդրադարձ կատարուած է պաշտպանական ոլորտին մէջ հայ-իտալական համագործակցութեան,
նախորդ տարի Երեւանի մէջ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համապատասխան
համաձայնագիրէն բխող պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Իտալիոյ պաշտպանութեան
նախարարը վերահաստատած է իտալական ռազմական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայ սպաներ
վերապատրաստելու իտալական կողմին պատրաստակամութիւնը: Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ
էր նաեւ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու մէջ հայ-իտալական համագործակցութեան
կարելիութիւնը: