2013-09-20 12:31:54

Ալ Ազհարի Համալսարանը Կը Յայտնէ Թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Անձնական Նամակ Մը Յղած Ահմէտ Ալ Թայէպ Իմամին։


17 սեպտեմբեր թուակիռ նամակով ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է եգիպտոսի Ալ Ազհար Համալսարանի Աւագ Իմամ` Ահմէտ Ալ Թայեպին, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնած է իր բարձր գնահատանքը ու յարգանքը իսլամութեան հանդէպ, ու մաղթած է յանձնառում ու աշխարհի քրիտոնաեներուն եւ իսլամներուն միջեւ հասկացողութիւն, կերտելու համար արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։
Վերոյիշեալ լուրը հաղորդած է Վատիկանի ''Ֆիտէս'' գործակալութիւնը, հիմնուելով Եգիպտոսի Ալ Ազհար Համալսարանի հրատարակած հաղորդագրութեան վրայ։
Յայտնենք որ վերջին շրջանին Սուրբ Աթոռի եւ Ալ Ազհար համալսարանի միջեւ երկխօսութիւնը ընդհատած էր, Պենետիկտսո ԺԶ-ի Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան ի սպաս առած դիրքորոշումի հետեւանքով որ Ալ Ազհարի համալսարանը նկատած էր ''արեւմուտքի արտագին միջամտութիւն''։
Աղէքսանդրիոյ Ղպտի Կաթողիկէ Պատրիարքութեան քարտուղար` հայր Հանի Պախում յայտարարծ է թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս գիրը պիտի օժանդակէ մէկդի դնելու անհասկացողութիւնները եւ վերսկսելու երկկողմանի յարաբերութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.