2013-09-20 14:17:13

«Քիմիական Զէնքերու Հարցին Եւ Սուրիոյ Տագնապին Միջեւ Ուղղակի Կապ Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Ասատ


«Քիմիական Զէնքերու Հարցին Եւ Սուրիոյ Տագնապին Միջեւ Ուղղակի Կապ Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց, որ Սուրիա քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու եւ իր քիմիական զէնքերը վնասազերծելու համաձայնած է ամերիկեան սպառնալիքներուն պատճառով` աւելցնելով, որ «հարցը սպառնալիքին հետ կապ չունի, չէ պատահած, որ Սուրիա սպառնալիքի առջեւ ընկրկի, մենք մեր կարիքներէն եւ համոզումներէն մեկնելով ռուսական նախաձեռնութեան ընդառաջեցինք»:
Ասատ յայտնեց, որ «քիմիական զէնքերու հարցին եւ Սուրիոյ տագնապին միջեւ ուղղակի կապ գոյութիւն չունի»` աւելցնելով, որ «եթէ ուզենք դէպի քաղաքական լուծում յառաջ շարժիլ, կրնանք այդ մէկը կատարել, սակայն ատիկա քիմիական զէնքերուն շուրջ համաձայնութեան հետ կապ չունի»:
Սուրիոյ նախագահը ողջունեց տագնապին մէջ Մոսկուայի դերակատարութիւնը` նշելով, որ «Ռուսիա Սուրիան քաղաքական գետնի վրայ պաշտպանեց»:
Ինչ կը վերաբերի 21 օգոստոսին Դամասկոսի Ղութայի շրջանին մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ ՄԱԿ-ի զեկուցումին, Ասատ ըսաւ, որ «պէտք է սպասենք, մինչեւ ստանանք ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն մօտ գտնուող փաստերը, զեկուցումին շուրջ համակարծիք կամ տարակարծիք կ՛ըլլանք, երբ փաստերը ստանանք: Անոնք իրենց առաքելութիւնը տակաւին չամբողջացուցին եւ Սուրիա պիտի վերադառնան: Պէտք է անոնց մօտ գտնուող փաստերը քննարկենք, որպէսզի տեսնենք, սակայն չենք կրնար զեկուցումին հետ տարակարծիք ըլլալ, առանց անոր հակասող փաստեր ունենալու»:
Ասատ հերքեց, թէ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնք օգտագործած է, եւ ըսաւ. «Մէկ խօսք` Ղութայի մէջ քիմիական զէնք չօգտագործեցինք, որովհետեւ եթէ օգտագործէինք մեր զինուորներուն եւ Դամասկոսի մէջ տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններուն վնաս պիտի հասցնէինք»:
Ան զգուշացուց, որ երկրին մէջ 2.5 տարիէ ի վեր շարունակուող տագնապին լոյսին տակ` իբրեւ աշխարհիկ պետութիւն Սուրիոյ դիրքը կրնայ վտանգուած ըլլալ: «Երբ այսպիսի ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն եւ բռնութիւն կ՛ունենանք, ապա ատիկա ամբողջ հասարակութիւնը աւելի փակ եւ գաղափարական գետնի վրայ աւելի ծայրայեղական կը դարձնէ, եւ ծայրայեղականները այս է, որ կը կատարեն», ընդգծեց Ասատ:
Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի հետ յարաբերութեանց, Ասատ յայտնեց, որ «մենք Միացեալ Նահանգները երբեք թշնամի չենք նկատած, ոչ ալ ամերիկացի ժողովուրդը: Մենք աշխարհի որեւէ երկրի հետ (եւ որովհետեւ մեծ տէրութիւն է, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու հետ) լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք: Հարց չունինք, երբ փոխադարձ յարգանք գոյութիւն ունի»:







All the contents on this site are copyrighted ©.