2013-09-19 13:03:57

Կիրակի 22 Սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Գալիարին Կ՛այցելէ


Յառաջիկայ կիրակի 22 սեպտեմբերին` ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Իտալիոյ Սարտէնիա Կղզիի Գալիարի քաղաքը, ուխտագնացութիւն կատարելու Սարտէնիայի Պոնարիայի Տիրամօր Սրբավայրին։

ֆրանչիսկոս Քահանայպետը անցեալ 15 մայիս 2013-ին, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, ողջունեալով Սարտէնիայի ուխտաւորները իղձ յայտնած էր այցելել Սարտէնիայի ''Պոնարիայի Տիրամօր'' Սրբավայրը ու բացատրած` թէ Պուէնոս Այրէս քաղաքի անունը սերտօրէն կապուած է այդ սրբավայրին հետ, որովհետեւ անոր հիմնադիրը ուզած էր զայն անուանել ''Սուրբ Երրորդութեան քաղաք'' սակայն զինք հոն առաջնորդող ձկնորսները որ բնիկ Սարտէնիայ կղզիէն ժամանած էին, առաջարկած են ''Պոնարիայի Տիրամօր Քաղաք'' անունը, ու երկարատեւ վիճաբանութենէ ետք յանգած էին ''Սուրբ Երրորդութեան քաղաք եւ Պոնարիայի Սուրբ Կոյսի Նաւահանգիստ'' անունին վրայ, բայց շատ երկար ըլլալուն համար մնացած են միայն երկու վերջին անունները` Պոնարիա, Պուէնոս Այրէս, ի պատիւ Սարտթնիայի Պոնարիայի Տիրամօր Սրբապատկերին։

Յայտնենք որ Սրբազան Հօր Սարտէնիայի այցելութիւնը քահանայապետութեան 3-րդ ճամբորդութիւնն է, եւ երկրորդը Իտալիոյ հողերու վրայ։ Արդարեւ առաջինը հանդիսացաւ անցեալ 8 յուլիսին Լամբետուցա կատարծ այեցլութիւնը իսկ , երկրորդը, միջազգային, միշտ յուլիսին, Պրազիլ` Րի Տէ Ժանէյրօյի մէջ կայացած Երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրուայ առթիւ։
Սրբազան Հօր Սարտէնիայ կատարած ճամբորդութեան կարգախօսն է ''ֆրանչիսկոս Պապը եւ Սարտէնիան, ուխատաւորներ Պոնարիայի մէջ'' ։
Նշենք որ ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ ուրիշ երեք քահանայապետներ այցելած են Սրբավայրը. Պօղոս Զ-րդ` 24 ապրիլ 1970-ին։ Յովհաննէս Պօղոս Բ` 20 հոկտեմբեր 1985-ին եւ Պենետիկտոս ԺԶ` 7 սեպտեմբեր 2008-ին։
Գալիրաիի այցելութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Բանուորական աշխարհի հետ, բանտարկեալներուն եւ երիտասարդներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.