2013-09-18 12:40:05

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 18 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Այս առթիւ իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ ակնարկեց Եկեղեցւոյ յատկութեան որպէս Մայր։
Եկեղեցին մօր մը նման կ՛առաջնորդէ մեր կեանքի ճանապարհը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - մտաբերենք տասը պատուիրանները, անոնք Աստուծոյ քնքշութեան պտուղներն են։ Զանոնք փորձեցէք նկատել որպէս Մօր մը տուած կեանքի ուսուցումներ։
Եկեղեցին մօր մը նման, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, ողորմած է, կը հասկնայ եւ կը ջանայ սխալի մէջ ինկած իր զաւակները օգնել ու քաջալերել։ Ան չի փակեր տան դռները, այլ կը շնորհէ Աստուծոյ ներումը եւ չի վախնար խաւարի մէջ ինկողներուն մօտ ըլլալ՝ անոնց յոյս ներշնչելու համար։
Մայր մը` հուսկ հաստատեց Նորին Սրբութիւնը, գիտէ նաեւ փախել որեւէ դուռ, իր զաւակներուն բարիքին համար, այնպէս է նաեւ Եկեղեցին։ Ու Տէրը անտարբեր չի մնար Մայր Եկեղեցւոյ աղօթքներուն որ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կը դնէ իր զաւակներուն իրավիճակը։
Ճառը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները Եկեղեցւոյ մէջ տեսնել բարի մայր մը որ ցոյց կու տայ կեանքի ճանապարհը, որ գիտէ ըլլալ համբերատար, ներողամիտ, ողորմած ու գիտէ մեզ դնել Աստուծոյ բազուկներուն մէջ։

Ճառին աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով` ''սիրելիներ Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը թող ըլլայ յոյսի աղբիւր եւ կեանքի ընտրանքներու ներշնչում։''








All the contents on this site are copyrighted ©.