2013-09-18 10:26:32

Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը Սուրբ Խաչը
Տօնեց Սեւրի Մէջ


Կիրակի 15 Սեպտեմբերը պատմական օր մըն էր Փարիզի Հայ Կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն : Հայ Եկեղեցին կը տօնէր Ս. Խաչը, մեր ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ տօնը :
Սովորութեան համաձայն, հաւատացեալները ուղղուեցան Սեվր՝ (Փարիզի արուարզաններուն մէջ գտնուող Մխիթարեաններու Մուրատ Ռաֆայէլ դպրոցը) կիրակի օրուայ տօնը անցնելու համար իրենց պարտեզներուն մէջ :
Առաւօտեան ժամը 11-ին ձայնաւոր Սուրբ Պատարագը մատոյց Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդը, որ իր քարոզին մէջ ըսաւ. ,Ս. Խաչի տօնը հաստատուեցաւ, երբ Սրբուհի Հեղինէ, չորրորդ դարուն, Երուսաղէմի մէջ, երկար պրպտումներէ ետք, գտաւ խաչափայտը: Այդ օրէն, քրիստոնեաները սկսան յատուկ բարեպաշտութիւն մը ունենալ Քրիստոսի Ս. Խաչին հանդէպ եւ 14 Սեպտեմբերը որոշեցին տօնել ամէն տարի որպէս մեծ տօն:
Հայ ժողովուրդը կոչուած է ,Խաչապաշտ, այսինքն Խաչին երկրպագող: ժողովուրդը ցանած է Հայաստանի չորս կողմերը ,Խաչքարեր վկայելու համար իրենց հաւատքն ու սէրը Խաչեցեալին հանդէպ:
Քրիստով իր խաչելութեամբը եւ Յարութեամբ յաղթեց չարին եւ մահուան: Այս խորհուրդը ապրելու համար, խոկանք մեր հաւատքի կեանքին դերին մասին: Խորհրդածենք թէ ինչպէս կարող ենք գործնական յանձնարառութիւններ առնել մեր առօրեայի համր:
Պենետիկդոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կ'ըսէր երիտասարդներուն. ,Խաչը կ'արտայայտէ Սիրոյ հիմնական օրէնքը: Յիսուս կու տայ մեզի օրինակը. Ան մեզ սիրեց մինչեւ վերջ, Ան նուիրուեցաւ ամբողջութեամբ, կեանքը կորսնցուց ու զայն տուաւ ամբողջութեամբ: Այսպէսով մեզ ազատեց չարէն, մահուընե, դժոխքէն եւ մեզի շնորհեց յաւիտենական կեանքը, փրկութիւնը: Յիսուսի Ճիշդ այս անվերապահ շնորհքին համար, որ խաչը յաղթական է ու փառաւորեալ, որովհետեւ վայրն է, ուր կը յայտնուի կատարեալ Սէրը եւ ուր Աստուած կը յայտնուի կատարեալ կերպով:
Այսպէս կարելի է ամփոփել թէ մեր անձնական, քահանայական, ամուսնական, ամուրիութեան կեանքին եւ սրտին խորը կ'ապրինք Խաչին խորհուրդը, ընդունելով հրաժարիլ, մենք մեզ մոռնալ եւ կորսնցնել կեանքը շահելու համար յաւիտենական Կեանքը. ,Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, ցորենի հատիկը, որ հողին մէջ կ'իյնայ, եթէ չմեռնի՝ առանձին կը մնայ. Իսկ եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կու տայ:ե (Յովհ. 12, 24): Այդ օրէն Աւագ Ուրբաթը եւ Խաչը այլեւս տանջանքի եւ չարչարանքի ամօթալի գործիք մը չէ, այլ՝ նշան մըն է Յիսուսի չարչարանքներուն, զոր կրեց մեր սիրոյն եւ մեղքէն մեր ձերբազատումին համար:
Ձեր սիրոյն խորը, դուք ծնողներ, մին միւսին համար, ձեր զաւակներուն համար, եւ մեր քահանայական նուիրեալ կեանքին խորը կը գտնենք խորհուրդը խաչին: Կեանք մը չկայ առանց խորհուրդը խաչին. Որքան անգամներ կը ստիպուինք հրաժարիլ շատ մը հաճոյքներէն, որքան զոհողութիւններ, ազատօրէն եւ ուրախութեամբ ընդունած ենք շահելու հմար Կեանքը, առողջութիւնը ու ուրախութիւնը մեր զաւակներուն, մեր հաւատացեալներուն: Մենք ծնողներս եւ վարդապետներս, պարտինք մեռնիլ մենք մեզի շահելու համար մեր Կեանքը, կեանքի ընկերոջ կեանքը, մեր զաւակներուն եւ հաւատացեալներուն Կեանքե: Արդարեւ Յիսուս խոստացաւ. ,Երբ ես երկրէն բարձրանամ, այն ատեն բոլոր մարդիկը ինծի պիտի քխժաշեմե (Յովհ. 12, 23):
Այս պատւոյ տեղը վերապահուած Խաչին քրիստոնեաներուն հաւատքին ու կրօնական առօրեայի ընթացքին դիւրին չէ հասկնալ ոմանց համար որոնք դրսէն մեզ կը դիտեն ու կը դատեն: Ընդունելու ենք թէ զարմանալի է ընտրել հաւասքի խորհրդանիշ մը տանջանքի գործիք մը, որոըն վրայ Աստուած, Յիսուս, խաչուեցաւ: Քրիստոնեաներս կը կրկնենք Ս. Պօղոսի հետ. ,Մենք կը քարոզենք խաչուած Քրիստոսը, Հրեաներուն համար՝ գայթակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն հար՝ յիմարութիւն: Իսկ անոնց, որոնք կանչուած ենշ հրեայ թէ հեթանոս, անոնց կը քարոզենք Քրիստոս՝ Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնե (1 կոր 1, 23-24):
Կեանքի խոչընդոտներուն եւ վտանգի դիմաց, խորհրդանշուած օձերով, Մովսէսի պղինձէ օձը միջոց մըն էր Հրեաներուն յիշելու համար թէ իրենց կեանքը կը պարտին Աստուծոյ եւ թէ հաւատարիմ ըլլալով Անոր կը փրկուին: Մինչ պղինձէ օձը կ'ապահովէր ֆիզիքական առողջութիւնը, Քրիստոսի երկրպագելը կ'ապահովէ հոգեկան բուժումը ու կը բանայ յաւիտենական կեանքի դռները: Քրիստոսի Խաչը, խորհրդանի է, մարդոց կողմէ գործուած ատելութեան եւ անգթութեան, կը դառնայ խորհրդանիշը քաղցրութեան ու ներումի: Իր չարչարանքներով Քրիստոս մեզի կը յայտնէ թէ ուր կրնայ հասնիլ Աստուծոյ սէրը: Խաչին վրայ միայն Ան կը յայտնէ տարածութիւնը Հօր Սիրոյն մարդկութեան հանդէպ եւ թէ այս մահը կը դառնայ միջոց աշխարհի փրկութեան. Սիրով ապրելով չարչարանքը բոլորիս համար, սիրով ընդունելով վրան առնել մարդկութեան մեղքին բեռը, նուիրուելով Իր Հօր որպէս սուրբ ու կատարեալ ողջակէզ, Քրիստոս մեզ կ'ազատագրէ մեղքէն ու յաւիտենական մահէն: Ինչպէս որ պղինձէ օձը ազատեց հրեայ ժողովուրդը անապատին մէջ, նոյնպէս Քրիստոս խաչին վրայ կը փրկէ անոնք որոնք զինք կը մեծառեն:
Վերջապէսյ խաչին վրայ, Քրիստոս մեզի կը խօսի սիրոյ եւ քաղցրութեան մասին: Աստուծոյ սիրոյն զօրութիւնն է մեզի հանդէպ, որ միշտ ներկայ է մեր դժուարութիւններուն, փորձութիւններուն ու տկարութեան խորը: Սիրելիներս, երբ ամէն պան կորսուած մարդոց համար, ան ատեն է որ Քրիստոս յաղթական է մեր մէջ ու մենք յաղթական ենք Անոր հետ, այն ատեն որ Հօր Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնուի մեր մէջ ու մեր միջոցաւ: Միայն Խաչին առջեւ, խոկալով Քրիստոսի սէրը իըրաքանչիւրիս հանդէպ, որ կարող ենք հասկնալ Խաչի լեզուն, այն ատեն որ Յիսուսի խօսքերը քոյր Մարկրիտ Մարիին ուղղուած մեզ կը յուզեն. ,Ահաւասիկ սրտը որ անսահմանօրէն սիրեց մարդիկը եւ բան մը չխնայեց Իր սէրը փաստելու համար: Որպէս երախտագիտութիւն անոնցմէ միայն ապերախտութիւն ընդունեցա, իրենց յարգանքի պակասով եւ սրբապղծութիւններովե: Այս մտածումները մեզ կը մղեն Սէրը սիրով փոխադարձելու ու նուիրելու Քրիստոսի հատուցում այնքան նախատինքներուն:
Խորհրդածենք թէ որքան թանկագին ենք Քրիստոսի համար: Այսպէսով մեր առօրեայ խաչերը կը պտղաբերեն : Մենք զմեզ դնենք աստուածային Սիրոյն խաչին դիմաց ու պիտի գտնենք պատասխան բոլոր հարցումներուն:
Ս. Հաղորդոըթեան Խորհուրդին մէջ, Աստուած կը դառնայ ներկայ, իր զօրութիւնը կը յայտնուի, Իր սէրը կը դառնայ տեսանելի ու շօշափելի:
Ս. խոստովանանքին մէջ, երբ կը զգանք մենք զմեզ խեղճ ու խոցելի, այն ատեն կը յայտնուի զօրութիւնը Աստուծոյ:
Խաչի լեզուն կը յայտնուի նաեւ ձեր ամուսնական կեանքին մէջ, մեր նուիրեալ կեանքին մէջ, մեր փորձանքներուն եւ փորձութիւններուն խորը:
Սուրբ կոյսը խաչին առջեւ, ամփոփ ու լուր, մեզի կ'ուղղուի ու կ'ըսէ. Ձեզ կը սիրեմ եւ որովհետեւ ձեր երջանկութիւնը եւ փրկուփիւնը կարեւոր են ինծի համար, էնդոընեցա, նուիրուիլ ձեզի համար ու նուիրել ցաւաքս ձեր փրկութեան համար:
Եղբայրներ եւ քոյրեր, յարգենք Խաչը, օրական մի քանի վայրկեան խորհրդածենք Քրիստոսի անհուն սիրոյն մասին: Յարգանքով խաչակնքենք մենք զմեզ: Մեր սկսինք ու վերչացնենք խաչակնքելով մենք զմեզ:
Եթէ մենք զմեզ յանձնենք Խաչին, որով փրկուեցանք, երբեք մեղքին մէջ չենք իյնար: Խնդրենք Խաչեցեալէն որ շնորհքը տայ մեզի հետեւելու իր Խաչի ճանապարհին, ինքնանուիրումի ճանապարհին, այն ատեն կէ սկսինք սիրել ինչպէս Ինքը մեզ սիրեց: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.