2013-09-18 10:04:35

Իրանի Նաւարկման Մարզին Դէմ Հաստատուած Եւրոպական Արգելքը Ջնջուեցաւ. «Թեհրան Պատրաստ Է Իւրանիոմի 20 Առ Հարիւրով Հարստացման Դադրեցման Հարցը Քննարկելու» Ըսաւ Լաւրով


Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Թեհրան «5+1» պետութեանց հետ յառաջիկայ բանակցութեանց ընթացքին պատրաստ է իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը դադրեցնելու հարցը քննարկելու:
Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լաւրով յայտնած է, թէ «անցնող մէկուկէս տարուան ժամանակաշրջանը ականատես դարձաւ հիւլէական տագնապի լուծման համար յառաջ ընթանալու լաւ հիմքի մը ստեղծման»` նշելով, որ «մեր իրանցի գործընկերները վեցեակի խմբակին հետ բանակցութեանց ընթացքին պատրաստ են իւրանիոմը 20 առ հարիւրով հարստացնելու դադրեցնելու հարցը քննարկելու, եւ այդ աստիճանը կը շրջանցէ խաղաղ նպատակներն ու Թեհրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու կարողութիւն կու տայ»: «Վեցեակը պէտք է այս համաձայնութեան ընդառաջէ», ըսաւ Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը գնահատեց հիւլէական թղթածրարին մէջ ամբողջական թափանցիկութիւն երաշխաւորելու իրանեան ղեկավարութեան նոր կեցուածքը եւ ըսաւ, որ այդ մէկը միակողմանի պէտք չէ մնայ, այլ արեւմտեան եւ այլ պետութեանց կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հակասող միակողմանի պատժամիջոցներուն ջնջման զուգահեռ պէտք է ըլլայ:
Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա քիմիական զէնքի խաղաղ օգտագործման Իրանի իրաւունքը կը ճանչնայ, ներառեալ` իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը, սակայն Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հսկողութեան տակ:







All the contents on this site are copyrighted ©.