2013-09-18 13:14:25

Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի Ելոյթը ''Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան'' 57-րդ Խորհրդաժողովին։


Անցեալ 16 սեպտեմբերին, Վիէննայի մէջ կայացած, Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան 57-րդ Խորհրդաժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ, Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Մամպերթի յայտնած է Սուրբ Աթոռի գոհունակութիւնը ի տես Գործակալութեան տարած աշխատանքին, աշխարհի ընտանիքի կեանքի բարելաւման ի սպաս։
Գերապայծառ Մամպերթին ապա անդրադարձած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Երիտասարդութեան համաշխարհային 28-րդ օրուայ առթիւ Պրազիլ կատարած այցելութեան ընթացքին, Մարկինիոսի ֆավէլայի մէջ արտասանած խօսքին մէջ ուղղած կոչին` ''գործելու աւելի արդար եւ աւելի զօրակից աշխարհի մը համար, ի սպաս այն մշակոյթին որ մերձաւորին մէջ չի տեսներ մրցակից մը կամ թիւ մը, այլ եղբայր մը''։ Այս խօսքերէն մեկնելով - ըսած է Վատիկանի դիւանագէտը - կ՛ուզեմ գնահատել Գործակալութեան ''թէխնիքական'' համագործակցութեան աշխատանքը ի նպաստ կարիքաւորներուն, հիմնուած այն համոզումի վրայ որ ամէն մարդ էակի բարօրութիւնը պէտք է հանդիսանայ գիտական եւ զարգացումի հետազօտական աշխատանքի կեդրոն եւ ոչ թէ այլ նպատակներ հետապնդելու համար միջոց։
Գերապայծառ Մամպերթի ապա վերյիշած է երանելի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի ''Խաղաղութիւն Երկրի Վրայ - Pacem in terris '' շրջաբերական թուղթի 50-րդ ամեակը ընգծելով անոր պարունակութեան արդիականութիւնը ու ապա վերահաստատած է Սուրբ Աթոռի կամքը հիւլէական զէնքերու ոչնչացումի գծով ու կոչ ուղղած է կառավարիչներուն վերջ դնելու միջուկային զէնքերու արտադրութեան եւ հիւլէական արտադրութիւնը սահմանափակելու խաղաղասէր նպատակներու համար։

Վատիկանի արտգործ նախարարը հուսկ յայտնած է Սուրբ Աթոռի խոր մտահոգութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ ապրուած ողբերգրական կացութեան, վերահաստատելով թէ ''որեւէ հարց կարելի է լուծել դիւանագիտական ճանապարհներ օգտագործելով''։

Գերապայծառ Մամպերթին խօսքը եզրափակած է հրաւէր ուղղելով վերատեսել առաջնահերթութիւններն ու արժէքները որոնց հիման վրայ կերտել բարոյական, մշակութային եւ տնտեսական զարգացումը, որովհետեւ - ընգծած է Ան - զարգացումը, զօրակցութիւնն ու արդարութիւնը ուրիշ բան չեն եթէ ոչ խաղաղութեան արժէքներ, խաղաղութիւն մը որ ըլլալու տեւողական ու մնայուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.