2013-09-18 12:40:26

Ամառնային Ծրագիր Այնճարի Աղաճանեան Տան Սաներուն Հետ


Հայ կաթողիկէ Աւետման եկեղեցոյ երիտասարդութիւնը,առաջնորդութեամբ Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ.Գազանճեանի, գործակցութեամբ Այնճարի Աղաճանեան Տան պատասխանատուներուն՝ գլխաւորութեամբ Տէր Ալիշան քհնյ. Աբարթեանին եւ հովանաւորութեամբ «Humanitas» բարեսիրական կազմակերպութեան, կազմակերպեց «Ձեռք ձեռքի... դէպի Լաւագոյնը» խորագրով ամառնային ծրագիրը՝ Այնճարի Աղաճանեան Տան սաներուն հետ, 9-էն 14 սեպտեմբեր 2013: Այս ծրագրին գլխաւոր նպատակը դաստիարակչական էր` նպաստել սաներու հոգեւոր եւ մտային զարգացման, ընկերային ճոխ մթնոլորտի մը մէջ: Վեցօրեայ յայտագիրը, որուն մասնակցեցան 22 սաներ, ընդգրկեց զանազան ձեռնարկներ եւ խմբային աշխատանքներ (հոգեւոր, մտային, մշակութային, մարզական, եւն.) ինչպէս նաեւ պտոյտ մը դէպի Քէֆրայյայի գինետունն ու այգիները, եւ ամբողջ օր մը «Splash Land» լողաւազանին շուրջ:

Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու դպրեվանքի խումբ մը նորընծաներ գլխաւորութեամբ՝ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին եւ Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ երիտասարդականը գլխաւորութեամբ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին:

Շաբաթ օր՝ ծրագիրը աւարտեցաւ ընդհանուր արժեւորումով, որուն ընթացքին հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան կարեւոր նկատեց այս ծրագրին բարոյական ու դաստիարակչական նպատակը եւ անոր նպաստը սաներուն համար: Աղաճանեան տան տնօրէն՝ Տէր Ալիշան քհնյ. Աբարթեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց այս ծրագիրը եւ անդրադարձաւ անոր մեծ օգտակարութեան իւրաքանչիւր սանի համար, յուսալով որ այս ծրագիրը կը շարունակուի եւ յետագային կը զարգանայ նորանոր ձեռնարկներով: Ապա իւրաքանչիւր սան իր տպաւորութիւնը փոխանցեց այս իւրայատուկ ծրագրի մասին: Յայտագիրը փակուեցաւ մրցանակներու եւ Աւետարաններու բաշխումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.