2013-09-18 10:04:17

«Ուաշինկթընի Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը 7-րդ Յօդուածին Մասին Խօսք Չի Բովանդակեր» Ըսաւ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ֆրանսացի իր պաշտօնակից Լորան Ֆապիւսի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ զանգուածային քանդումի զէնքերէն ձերբազատելու եւ շրջանը ապազինելու` նշելով, որ «այն քայլը, որ Սուրիոյ մէջ կ՛առնենք, արաբական շրջաններուն մէջ զէնքերէն ձերբազատելու ծիրին մէջ դէպի յառաջ քայլ մըն է»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ զանգուածային քանդումի զէնքերէն ձերբազատիլ:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ սուրիացի ժողովուրդին համար վերջնական նպատակին շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն չունի, իսկ այդ նպատակը բռնարարքներէ, արիւնահեղութենէ ձերբազատումը, Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան հիմամբ կայունութեան հաստատումը, քաղաքային վարչակարգի հաստատումը եւ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր խմբաւորումներուն եւ յարանուանութեանց իրաւունքները երաշխաւորելն է: Ֆրանսայի հետ տարակարծութիւնը այդ տեսակէտները գործադրելու ձեւին մէջ է:
«Ֆրանսայի հետ քիմիական զէնքերու եւ վերջին յարձակումին շուրջ հասարակաց կեցուածք ունինք ու Ֆրանսայի մէջ մեր գործընկերներուն հետ համաձայնեցանք, որ նախաձեռնութիւնը աշխատանք պիտի տանի զէնքերը վնասազերծելու եւ անոնցմէ ամբողջապէս ձերբազատելու», ըսաւ ան:
«Պէտք է «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը գումարել` գործադրելու համար «Ժընեւ-1» խորհրդաժողովին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը», յայտնեց Լաւրով` նշելով, որ պէտք է ստեղծել ամբողջական լիազօրութեանց տէր փոխանցման մարմին մը, որուն մաս կազմեն Սուրիոյ բոլոր հատուածները:
«ՄԱԿ Սուրիոյ մէջ քիմիական յարձակումին մասին Ռուսիոյ բոլոր հարցումներուն չի պատասխաներ», ըսաւ Լաւրով:







All the contents on this site are copyrighted ©.