2013-09-17 13:04:36

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Հանդիպումը Հռոմի Կղերին Հետ։


''Գթարատ Յիսուսը նեցուկ կը կանգնի քահանային իր առօրեայ աշխատանքին ու առաքելութեան''։


Երկուշաբթի16 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը աւելի քան երկու ժամուայ հանդիպում մը ունեցաւ իր թեմի կղերին հետ, Հռոմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ` ս. Յովհաննէսի անուան Պազիլիքային մէջ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ջերմ ու բաց մթնոլորտին մէջ։ Այժմ թէեւ Ս. Աթոռի վրայ բարձրացած եմ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, սակայն ինքզինքս մշտատեւ քահանայ կը զգամ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք ինծի համար, մասնաւորապէս 21 սեպտեմբերին, Մատթէոս աւետարանիչին տօնին օրը որ կը զուգադիպի իմ քահանայական կոչումիս 60-րդ տարեդարձին հետ։
Վերոյիշեալ հանդիպումը սկիզբ առաւ Ս. Հոգիին ուղղուած աղօթքով։ Ապա խօսք առաւ Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով քահանային առաքելական նուիրումի մասին։ Քահանայ ըլլալ կը նշանակէ յարատեւ աշխատիլ, որովհետեւ այսօրուայ մարդու պահանջները բազմաթիւ են։ Այսօր քահանայէն կը սպասուի մեծ նուիրում, բարութիւն ու զրկում, աչքին առջեւ ունենալով սուրբ հայրապետները եւ մասնաւորապէս Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի օրինակը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա պատասխանեց հինգ քահանաներու հարցումներուն, անդրադառնալով Եկեղեցւոյ կեանքի հայող կեդրոնական հարցերուն։ Հրաւիրեց քահանաները ըլլալու քաջ, յանդուգն եւ ձռնարկու թէեւ ''այս չի նշանակեր անպայման նոր բան մը ստեղծել'' ։
Քահանայապետը ապա ընգծեց ժողովրդապետութիւններու բաց մնալու հարկաւորութիւնը որպէսզի հաւատացեալը կարենայ գտնել հիւրընկալ վայր մը եւ տրամադրելի խոստովանահայր մը։ Նոյնպէս եւ աշխարհականները որ մատակարարութեամբ կը զբաղին պէտք են մարդոց ցոյց տալ Եկեղեցւոյ հիւրընակլ դիմագիծը։ Մէկ խօսքով էական է նոր ուղիներ որոնել լաւագոյնս քարոզելու եւ վկայելու Աւետարանը առօրեայ կեանքին մէջ։
Կարեւորը այն է - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - որ ժողովրդապետութիւնը այցելողը չգտնուի դրամասէր այլ հոգեւոր պաշտօնեայի մը դիմաց։ Բարի քահանան այն է որ ճշմարտութիւնը կ'ըսէ, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը որ լի է սիրով ու համբերութեամբ։ Քահանան կանչուած է ըլլալու ճանապարհի ընկեր, քանի դարձը, զղջումը տեղի կ'ունենայ ճանապարհի ընթացքին եւ ոչ աշխատանքի վայրին մէջ։
Խօսելով եկեղեցւոյ գայթակղութիւններու մասին ըսաւ. Եկեղեցւոյ մէջ գայթակղութիւններ կան սակայն կայ նաեւ սրբութիւն, այս վերջինը շատ աւելի է։ Կայ նաեւ առօրեայ սրբութիւնը` թաքուն սրբութիւնը բազմաթիւ մայրերու, կիներու եւ այրերու, որոնք ամէն օր կ'աշխատին ընտանիքին համար։
Ներկայիս աւելի սրբութիւն կայ քան որեւէ ժամանակ եւ այս պատճառաւ Եկեղեցին կը մնայ անսասան։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ժամադրութենէն 20 վայրկեան առաջ հասաւ։ Զինք ընդունեցաւ կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին։ Այս առթիւ թեմական կղերը ֆրանչիսկոս Պապին` Հռոմի եպիսկոպոսին, նուիրեց սրբանկար մը որ կը պատկերացնէ սուրբ ֆրանչիսկոսը որ իր ուսերուն վրայ կը շալկէ եկեղեցին, գործը ժողովրդապետ` Մասսիմօ Թելլանիի։







All the contents on this site are copyrighted ©.